Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են ՀՀ Ազգային Ժոզովի Հայաստան-Սուրիա բարեկամական խումբի անդամներ Ռուստամ Պաքոյեան, Շիրակ Թորոսեան եւ Արէն Մկրտչեան, աշխատանքային այցելութեամբ Սուրիա էին:

Պատուիրակութեան անդամները հանդիպած են Սուրիոյ Ժողովրդական խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղի հետ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար՝ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալը ընդգծած է, որ Սուրիան Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին համար իւրայատուկ նշանակութիւն ու դերակատարութիւն ունի: Ան գոհունակութեամբ արձանագրած է Սուրիոյ հետ աւանդական ջերմ եւ գործընկերային յարաբերութիւնները՝ խարսխուած մեր ժողովուրդներու դարաւոր պատմական կապերուն, բարի կամքի եւ փոխվստահութեան ամուր հիմքերուն վրայ:

Անդրադառնալով սուրիական ճգնաժամին՝ Ազգային Ժողովի փոխխօսնակը նշած է, որ ճգնաժամի առաջին իսկ օրէն Հայաստան հանդէս եկած է Սուրիոյ միասնութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման ու համապարփակ երկխօսութեամբ հարցի կարգաւորման ի նպաստ:

«2019-էն ի վեր Սուրիոյ մէջ հայկական մարդասիրական առաքելութիւնը ականազերծած է գիւղատնտեսական նշանակութեան գրեթէ 2.400.000 քմ տարածք, ինչպէս նաեւ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած է աւելի քան 60.000 բնակիչի: Բացի անկէ, Հայաստան Փետրուար 2023-ին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին ընթացքին կանգնեցաւ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին կողքին՝ ուղարկելով մօտ 55 թոն մարդասիրական օգնութիւն», յայտնած է փոխխօսնակը:

Հանդիպումի ընթացքին հանգամանալից կերպով ներկայացուած է Հարաւկովկասեան տարածաշրջանի ներկայ իրավիճակը, քննարկուած է տարածաշրջանի մէջ տեւական խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը:
«Կ’ուզեմ յատուկ ընդգծել, որ հակառակ բոլոր բարդութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի քաղաքական կամք՝ ուղղուելու խաղաղութեան ճանապարհով: Մենք ատիկա կարելի կը համարենք երկու կողմերու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի բացառման սկզբունքներուն հիման վրայ: Ճանապարհներու ապաշրջափակումը մեր տարածաշրջանին մէջ կրնայ ծառայել Պարսից ծոցը Սեւ ծովին եւ Կասպից ծովը Միջերկրական ծովին միացնող մէկ խաչմերուկ, զոր կ’անուանենք «Խաղաղութեան խաչմերուկ», շեշտած է Ազգային Ժողովի փոխխօսնակը:

Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղ խօսած է երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան մասին, կարեւոր համարած է Սուրիոյ հայ համայնքի դերն ու նշանակութիւնը՝ կառավարման հարցերէն մինչեւ տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ:

Խօսելով խաղաղութեան մասին՝ նախագահ Սապպաղ ընդգծած է, որ իրենք կը բաժնեկցին ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի բացառման սկզբունքներու կարեւորութիւնը: