«Նիւզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան հայց  ուղարկած է խորհրդարան՝ Ատրպէյճանի մէջ թրքական զինեալ ուժերու առաքելութիւնը՝ ռուս-թրքական միատեղ դիտարկման կազմին մէջ մէկ տարիով երկարաձգելու շուրջ։ TRT պատկերասփիւռի կայանին փոխանցմամբ՝ հանրապետութեան զինուորականներուն այնտեղ պահելու ժամկէտը, օրէնսդիրներու կողմէ հաստատուելու պարագային, ընթացիկ տարուան 17 Նոյեմբերէն մէկ տարիով կ’երկարաձգուի։
Էրտողանի առաքած փաստաթուղթին մէջ կ’ըսուի, որ «միասնական կեդրոնը, ուր կը ծառայեն Թուրքիոյ զինեալ ուժերու ներկայացուցիչները, յաջողութեամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, եւ Թուրքիան իր ներդրումը  կ’ունենայ տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կողմերու միջեւ վստահութեան ամրապնդման գծով»։
Ատրպէյճանի մէջ թուրք զինուորականներու ներկայութիւնը, ի թիւս այլ բաներու, ամրագրուած է «Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ 2010 թուականի 16 Օգոստոսի ռազմավարական գործընկերութեան եւ փոխօգնութեան մասին համաձայնագիրի դրոյթներէն բխող պարտաւորութիւններով» եւ անհրաժեշտ է «զինադադարի պահպանման հետեւելու, խախտումները կանխելու եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն ապահովելու համար»։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ զինադադարի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու դիտարկման ռուս-թրքական միատեղ կեդրոնը տեղակայուած է 30 Յունուար 2021-ին Ատրպէյճանի տարածքին՝ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն կողմէ 11 Նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած յուշագիրին համաձայն։