Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2023-ին, Ռիատի մէջ արաբական-իսլամական արտակարգ գագաթնաժողովին մասնակիցները պահանջեցին Կազզայի դէմ իսրայէլեան գրոհը անմիջապէս դադրեցնել, քաղաքին պաշարումը չեղեալ համարել եւ մարդասիրական օգնութիւններ հասցնել քաղաքացիներուն։ Մասնակիցները կոչ ուղղեցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին անմիջապէս դադրեցնելու իսրայէլեան գրոհը, որովհետեւ լռութիւնը կը քաջալերէ զինք շարունակելու իր անմարդկային ոճիրները։

Գագաթնաժողովի մասնակիցները եզրափակիչ հաղորդագրութեամբ դատաւարտեցին Իսրայէլի գործած ջարդը եւ անմարդկային ոճիրները Պաղեստինի ժողովուրդին հանդէպ, շեշտելով, որ կը մերժեն նման վերաբերմունք արդարացնող որեւէ որեւէ պատճառաբանութիւն։

Անոնք կոչ ուղղեցին բոլոր պետութիւններուն նաեւ դադրեցնելու Իսրայէլի զէնքի մատակարարումը, խնայելու Պաղեստինի անմեղ ժողովուրդը, հիւանդանոցները, դպրոցները, մզկիթներն ու եկեղեցիները։