Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը արձագանգած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական նիստի ընթացքին արտասանած խօսքը` անոր արտայայտած միտքերը որակելով «հակասական»: Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Անընդունելի է, որ հայկական կողմը «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագիրի նախագիծին վերաբերեալ մեկնաբանութիւններ ներկայացնելու եւ բանակցութիւններ սկսելու փոխարէն Ատրպէյճանին մեղադրանքներ կը ներկայացնէ», կը յիշուի նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէի մեկնաբանութեան մէջ:
Վերջինս յայտնած է, որ Հայաստանի վարչապետի` «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնքի» ներկայացուցիչներու` «հայրենի հող» անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադառնալու ցանկութիւնը իբրեւ Հայաստանի վրայ յարձակումի նախապատրաստում ներկայացնելու փորձը ամբողջովին «անհիմն է»:
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք հայկական կողմին, որ կը շարունակէ յարձակողական զրպարտիչ հռետորաբանութիւն կիրարկել մեր երկրին դէմ` օգտագործելով տարբեր միջազգային հարթակներ, դադրեցնելու խաղաղութեան հեռանկարներուն վնասող յայտարարութիւնները եւ օգտագործելու Հարաւային Կովկասի շրջանը խաղաղութեան եւ համագործակցութեան տարածքի վերածելու համար ստեղծուած պատմական կարելիութիւնները», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Փաշինեան 18 Նոյեմբերին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած էր. «Երեւանն ու Պաքուն տակաւին կը խօսին իրարմէ շատ տարբեր դիւանագիտական լեզուներով, եւ շատ յաճախ զիրար չենք հասկնար»:
Շեշտելով, որ Ատրպէյճան, օրինակ, ոչ մէկ անգամ հրապարակային յղում կատարած է արդէն համաձայնեցուած երեք սկզբունքներուն, չէ վերահաստատած իր հաւատարմութիւնը այդ սկզբունքներուն, Փաշինեան նշած էր, որ ատիկա կը խորացնէ անվստահութեան մթնոլորտը:
«Չափազանց կասկածելի կը թուի նաեւ այն, որ Ատրպէյճանի մէջ բարձրագոյն հովանաւորութեամբ եւ ըստ էութեան պաշտօնական մակարդակի վրայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սկսած են կոչել «Արեւմտեան Ատրպէյճան»: Ասիկա մեզի նոր պատերազմ, Հայաստանի վրայ նոր զինուորական յարձակում կազմակերպելու նախապատրաստութիւն կը թուի եւ խաղաղութեան հոլովոյթի յառաջընթացի հիմնական խոչընդոտներէն է», ըսած էր ան: