Իսրայէլ հրթիռակոծեց Լիբանանի հարաւային Լուպիէ, Տէր Միմաս եւ Համմարա շրջանները։
Լիբանանի Ազգային Լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իսրայէլ թիրախ դարձուց Հասպայա եւ Թէր Հարֆա աւանին շրջակայքը, ինչպէս նաեւ Քաֆարշոպա եւ Շապաա շրջանները։
Իսրայէլ հրթիրակոծեց նաեւ Պընդ Ճպէյլի մէջ շրջաններ, ինչպէս նաեւ Նաքուրայի մէջ գտնուող Լապպունէ շրջանը։
Գետնի վրայ, շաբաթ առաւօտեան Դիմադրութեան զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Հըզպալլայի մարտիկները առաւօտեան կանուխ ժամերուն վար առած են «Հերմեզ» տիպի իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը: Այդ գործողութեան մասին Հըզպալլայի տեղեկատուութիւնը հրապարակեց նաեւ կարճ ժապաւէն մը:
Դիմադրութիւնը շաբաթ առաւօտեան ժամը 9:30-ին թիրախահար հրթիռներով հրետակոծեց Հատպ Պուսթանի իսրայէլեան զինուորական կեդրոնը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Ժամ մը ետք, Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցին Հատպ Եարինի իսրայէլեան զինուորական կեդրոնը եւ յաջորդաբար իսրայէլեան Ռահեպ զինուորական կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Խիլլեթ Ուարտէի եւ Շթուլայի մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու համախմբումներ:
Շաբաթ կէսօրին Դիմադրութիւնը հրթիռակոծեց Սաասաայի հովիտին մէջ վերանորոգուած իսրայէլեան բանակի հրամանատարութեան կեդրոնը եւ արձանագրեց ուղղակի թիրախներ:
Միաժամանակ Դիմադրութիւնը թիրախահար հրթիռներ արձակեց իսրայէլեան Մարկելիոթ բնակեցման վայրին մօտակայքը գտնուող իսրայէլեան Մարժ զինուորական կեդրոնին դէմ` պատճառելով նիւթական մեծ վնասներ:
Կէսօրէ ետք Դիմադրութեան մարտիկները հակազրահապատ հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռամիմ եւ Պայեատ Պլիտա դիրքերը:
Կիրակի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Դիմադրութեան զինուորական տեղեկատուութիւնը հաստատեց, որ առաւօտեան ժամը 8:30-ին թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծած է Տհայրա եւ Ժարտահ զինուորական կեդրոնները:
Հինգ վայրկեան ետք, Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցած են Ժալ Օլամ դիրքին վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը:
Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց նաեւ իսրայէլեան Մարժ դիրքը` արձանագրելով ուղղակի թիրախներ:
Հըզպալլայի մարտիկները, որոնք երէկ զգալիօրէն սաստկացուցած էին իսրայէլեան ուժերուն դէմ իրենց հարուածները, թիրախ դարձուցին Հանիթայի դիրքը, իսկ Մթըլլէի դիրքին վրայ ռմբակոծեցին իսրայէլեան զրահապատներ, հրասայլեր եւ իսրայէլացի զինուորներ:
Կէսօրէ ետք ժամը 4:15-ին, Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին Եաֆթահի իսրայէլեան զինուորական դիրքը. անոնք թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Ապատ զինուորական դիրքը` թիրախ դարձնելով այդ դիրքին արհեստագիտական սարքերը:
Շաբաթ առաւօտեան ժամը 8:30-ին, իսրայէլեան ուժեր հրետակոծեցին Քֆուր-Թուլ շրջանին մէջ ալիւմինումի գործարան մը, ուր բռնկեցաւ հրդեհ մը, որ աւելի ուշ հակակշիռի տակ առնուեցաւ Ռիսալա Իսլամիէ սկաուտական շարժումի փրկարար աշխատանք տանողներուն կողմէ: