Պաղեստինեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան օդանաւեր հրթիռակոծեցին Կազզայի Նսէրաթ եւ Պրէճ շրջանները, Ռաֆըհի «Նաճճար» հիւանդանոցի շրջակայքը, Խան Իւնէս եւ Կազզայի հիւսիսային շրջանին մէջ գտնուող «Ինտոնիսի» հիւանդանոցին մօտ դպրոց մը, ուր տեղահանուածներ կը գտնուէին։ Օդային յարձակումներուն հետեւանքով աւելի քան 60 նահատակ արձանագրուեցաւ։
Վաղ առաւօտեան ժամերուն, Իսրայէլ պաշարեց ու հրթիռակոծեց «Ինտոնիսի» հիւանդանոցը տասնեակ թնդանօթներով, որուն հետեւանքով 12 նահատակ եւ տասնեակ վիրաւորներ արձանագրուեցան։
Հիւանդանոցին մօտ շէնքերու մէջ տեղաւորուած դիպուկահարները կրակեցին հիւանդանոցէն դուրս եկողներուն եւ կանխեցին վիրաւորներ ընդգրկող շտապ օգնութեան ինքնաշարժներուն մուտքը։
Պաղեստինեան Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ «Ինտոնիսի» հիւանդանոցը Կազզայի հիւսիսը գտնուող միակ հիւանդանոցն է, որ մասնակիօրէն կ՚աշխատի, հակառակ անոր որ իրավիճակը աղիտալի էր հոն։ Այսպիսով նահատակներուն թիւը կը բարձրանայ, որովհետեւ հրթիռակոծման պատճառով ելեկտրածին մեքենան աշխատանքէ դադրած է։
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ հիւանդանոցէն ներս հազարաւոր տեղահանուածներ եւ բժշկական անձնակազմէն շուրջ 700 անդամ պաշարուած են։
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ Իսրայէլ Կազզայի հիւսիսային եւ հարաւային հիւանդանոցները աշխատանքէ դադրեցուց։ Այժմ Կազզայի մէջ միայն 4 հիւանդանոց կ գործէ՝ նուազագոյն կարողութիւններով եւ հաւանական է, որ անոնց ծառայութենէ դուրս գան, եթէ բաւարար չափով վառելանիւթ եւ բժշկական պիտոյք չհասնի։
7 Հոկտեմբերէն ի վեր, Կազզայի դէմ իսրայէլեան գրոհին հետեւանքով ցարդ աւելի քան 13.000 նահատակ ու աւելի քան 30.000 վիրաւոր արձանագրուած են։