ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Իմանղալի Տասմաղամպեթով Մինսքի մէջ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպումէն վերջ պիտի այցելէ Երեւան եւ հայկական կողմին պիտի յանձնէ ստորագրուած փաստաթուղթերը։ Այս մասին ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստի մեկնարկէն առաջ յայտարարած է Պելառուսի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ալեյնիք։

Ալեյնիք յայտնած է, որ ՀԱՊԿ-ի հարցն է պահպանել բոլոր անդամ երկւրներու համերաշխութիւնը։

Ալեյնիք աւելցուցած է, որ ՀԱՊԿ անդամ երկիրները յաջողած են համաձայնութեան գալ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի քննարկումին ներկայացուելիք գրեթէ բոլոր փաստաթուղթերուն շուրջ։
Մինսքի մէջ տեղի ունեցող ՀԱՊԿ խորհուրդի նիստին պիտի մասնակցին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ղազախիստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւ, Ղրղզիստանի նախագահ Սատիր Ժափարով, Տաճկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոն։
Հիւրերը պիտի ընդունի 2023 թուականին ՀԱՊԿ-ի մէջ նախագահող Պելառուսի նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքօն։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի չմասնակցի ՀԱՊԿ անդամ պետութււններու ղեկավարներու հանդիպումին։ Փաշինեան այդ մասին տեղեկացուցած է Պելառուսի նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքոյի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին։ Հայաստանի պաշտօնեաները չեն մասնակցած նաեւ ՀԱՊԿ խորհուրդի նիստին նախորդած նիստերուն՝ ՀԱՊԿ երկիրներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու մասնակցութեամբ։