Ատրպէյճան կը շարունակէ նախապատրաստուիլ «Զանգեզուրի միջանցքի» բացումին, կարծէք թէ ոչինչ եղած է մինչեւ օրս:
«Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կ’աշխատի Զանգեզուրի միջանցքը շահագործման յանձնելու գծով. այս գործընթացներուն կը մասնակցի նաեւ Մաքսային պետական կոմիտէն (ՄՊԿ)։ Այժմ մենք կ’աշխատինք Զանգեզուրի միջանցքի անցակէտերուն վրայ», լրագրողներուն յայտնած է պետական մաքսային կոմիտէի նախագահ Շահին Բաղիրով, համաձայն ԱՊԱ-ի։
«Մենք միաժամանակ կ’աշխատինք նոր նախագիծերու վրայ, եւ յաջորդ փուլին կը սկսին շինարարական աշխատանքները», աւելցուցած է Բաղիրով։
«Զանգեզուրի միջանցքը» կը վերաբերի Հայաստանի տարածքով անցնող մէկ, կամ աւելի ճիշդ, երկու երթուղիի՝ երկաթուղային եւ ճանապարհային։ Երեւան կտրականապէս իր մերժումը յայտարարած է «միջանցքային տրամաբանութեան» տրամաբանութեամբ որեւէ մօտեցումի գծով եւ կը մերժէ հաղորդակցութիւններուն արտատարածքային կարգավիճակ տալու իւրաքանչիւր փորձ։
Պաքու համառօրէն կը շարունակէ հաղորդակցութիւնները «միջանցք» անուանել, թէեւ այս երկրի նախագահին մակարդակով թոյլ փորձեր կատարուած են ճամբաներու նկատմամբ Հայաստանի ինքնիշխանութեան մասին խօսելու։