«Սփութնիք Արմէնիա»-ի հարցումին պատասխանելով՝ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ արգիլել ԻՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկելու նախաձեռնութիւնը:
Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ 2020-ին, Արցախի վրայ Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումէն ի վեր, Երեւան միջազգային մասնագիտացած կազմակերպութիւններուն, որոնց կարգին՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մօտ, մնայուն  կերպով կը բարձրացնէ Արցախի մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցը:
Նոյեմբեր 2020-էն ի վեր, Հայաստան սատարած է ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնին՝ Արցախ փորձագիտական խումբ ուղարկելու նախաձեռնութեան եւ ներգրաւուած է կարելի եղածին չափ սեղմ ժամկէտներու մէջ առաքելութեան կազմակերպման գործընթացին մէջ:
«Սակայն Ատրպէյճան շարունակաբար կ’արգիլէ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութիւն ԼՂ ուղարկելու նախաձեռնութիւնը։ Ատրպէյճանի ապակառուցողական կեցուածքը ԻՒՆԵՍՔՕ-ի փորձագիտական առաքելութեան հարցով կը հակասէ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ոլորտին մէջ գործող բոլոր միջազգային համաձայնագրերու, այդ կարգին՝ Զինեալ բախումներու պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին 1954 թուականի համաձայնագրի դրոյթներուն», կը յայտնէ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը:
Բացի ատկէ, լուսարձակի տակ կը բերուի այն փաստը, որ Պաքուի դիրքորոշումը կը խախտէ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային դատարանի  7 Դեկտեմբեր 2021-ի որոշումը, որ Ատրպէյճանը կը պարտաւորեցնէ ՝ «ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն՝ կանխելու եւ պատժելու  հայկական մշակութային ժառանգութեան վանդալութեան ու պղծման գործողութիւնները, ներառեալ՝ եկեղեցիներու եւ այլ պաշտամունքի վայրերու, յուշարձաններու, տեսարժան վայրերու, գերեզմաններու եւ արուեստի գործերու»: