Հայաստանի Հանրապետութիւնը լիակատար կերպով կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղը ներառեալ։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուա՞ծ է՝ նկատի առնելով, որ Հայաստան աւելի քանի 30 տարի պայքարած է Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշումին համար։
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը նման հարց այսօր չունի։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը լիակատար կերպով կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղը ներառեալ։ Ասիկա արդէն կ’երեւի 8 անգամ ըսած ենք վերջին երկու տարուան ընթացքին։ Ալ ի՞նչ պէտք է ըսել», յայտնած է Սիմոնեան։
Պատասխանելով այն Հարցումին, թէ արդեօք արցախահայութեան իրաւունքներուն հարցը Հայաստան հիմա կը քննարկէ՞ Ատրպէյճանի հետ  խաղաղութեան պայմանագիրի շրջագիծէն ներս, Սիմոնեան  ըսած է.
«Կը կարծեմ, որ մենք պէտք է այս պատմական փուլին կեդրոնանանք Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման եւ տարածաշրջանի բոլոր ճանապարհներու բացման վրայ։ Հետագային ինչ-որ ատրպէյճանցի ցանկութիւն կ’ունենայ կամ չ’ունենար վերադառնալու Հայաստան ապրելու, ինչ-որ հայ ցանկութիւն կ’ունենայ կամ չ’ունենար վերադառնալու Պաքու, Ստեփանակերտ, Շուշի եւ մնացած բոլոր այն բնակավայրերը, ուր հայեր ապրած են՝ արդէն ապագայի հարց է», ըսած է Սիմոնեան՝ աւելցնելով, որ այսօրուան դրութեամբ ատիկա անիրատեսական է։
Սիմոնեան ընդգծած է, որ առանց խաղաղութեան, առանց ատելութեան խօսքի վերացման Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն վերադարձը անկարելի է։