Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին դիմաց երդմնակալութեան արարողութիւն կատարեցին Սէուտական Արաբիոյ մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Այման Սաուսան եւ Ալճերիոյ մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպան Մահէր Պտուր։
Յետ երդման արարողութեան, նախագահ Ասատ ընդունեց դեսպաններ Սուսանը եւ Պտուրը, ցուցմունքներ տուաւ անոնց եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ստանձնած նոր պաշտօնին մէջ։
Երդմնակալութեան արարողութեան ներկայ էր Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ։