Սուրիոյ քարիւղի եւ հանքային հարստութեան նախարար դոկտ. Ֆիրաս Քատտուր խորհրդակցեցաւ Դամասկոսի մէջ Վենեզուելայի դեսպան Խոսէ Կրիկորիոյի հետ երկու երկիրներուն միջեւ քարիւղի եւ հանքային հարստութեան ոլորտին վերաբերող գործակցութեան ամրապնդման շուրջ։

Նախարար Քատտուր անդրադարձաւ Սուրիոյ եւ Վենեզուելայի իւրայատուկ յարաբերութեան եւ անոր զարգացման կարեւորութեան, ի նպաստ երկու ժողովուրդներուն։
Իր կարգին դեսպան Կրիկորիօ յայտնեց իր երկրին փափաքը՝ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները
զարգացած մակարդակի հասցնելու։

Կողմերը շեշտեցին Սուրիոյ եւ Վենեզուելայի միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնները գործնականացնելու անհրաժեշտութիւնը, ի նպաստ երկու երկիրներուն ժողովուրդներուն եւ տնտեսական յարաբերութեան զարգացման, յատկապէս քարիւղային ոլորտին մէջ։