12 տարուան դադրեցումէն ետք, Ռիատի մէջ սուրիական դեսպանատունը բանիլ պիտի սկսի Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2023-ին։
Դեսպանատունը իր նախանձախնդրութիւնը յայտնեց քաղաքացիներուն լաւ ընդունելութիւն ցուցաբերելու նկատմամբ եւ յարմար ծառայութիւնները տրամադրելու անոնց կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ։
Յիշենք, որ 2022-էն ի վեր Ռիատի մէջ սուրիական դեսպանատան աշխատանքները ամբողջովին դադրած էին։