«Արմէնփրէս»._Օ՛Պրայէնը «Ամերիկայի Ձայն»-ին տուած հարցազրոյցին անդրադարձած է, որ ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնական Ճէյմս Օ’Պրայէն անդրադարձած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացին ու կողմերու միջեւ տեղի ունեցած գերիներու փոխանակումը։
«Կը կարծեմ, որ իսկապէս կարեւոր է, որ երկու երկիրները խօսին իրարու հետ եւ գործնական համաձայնութիւններու հասնին: Անոնք անցած շաբաթ յայտարարեցին կալանաւորուածներուն ազատ արձակման մասին, իսկ այժմ՝ այս շաբաթ, կալանաւորուածները արդէն տունն են: Անոնք միատեղ յայտարարութիւն տարածեցին, որ ի ցոյց կը է դնէ աջակցութիւն իրարու նկատմամբ՝ բազմաթիւ առումներով, ներառեալ անոնց միջազգային ձգտումները, որ, օրինակ, Ատրպէյճանը հիւրընկալէ կլիմայի հարցերու ՄԱԿ-ի յաջորդ համաժողովը, որուն իրաւունքը այժմ ան ստացաւ: Յոյսով ենք, ատիկա շահաւէտ պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն համար, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի միջազգային ձգտումներուն: Նման տեսակի աջակցութեան դրսեւորումը՝ երկկողմանի բնական յարաբերութիւններ կառուցելուն ուղղուած կարեւոր քայլ է: Յոյսով ենք, շատ շուտով ականատես կ’ըլլանք, որ կողմերը կը հասնին խաղաղութեան համաձայնագիրի։ Երկու կողմն ալ յայտարարած է, որ շահագրգռուած է ատիկա ընել: Մենք, նաեւ Եւրոմիութեան մեր գործընկերները եւ միւսները պատրաստ ենք օգնել: Պիտի փափաքայինք տեսնել, որ այս ամէնը շուտով իր աւարտին հասած է, քանի որ շուտափոյթ խաղաղութեան կնքումը հսկայական օգուտներ պիտի բերէ», ըսած է ան:
Օ՛Պրայէնը յիշեցուցած է, որ Ուաշինկթընը երկու արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու քանի մը փուլ հիւրընկալած է՝ աւելցնելով, որ նորէն ատիկա կ’ընէին, եթէ կողմերը որոշէին, որ ատիկա կ’օգնէ անոնց խաղաղութիւն կնքել: «Մենք պատրաստ ենք օգնել: Երկու կողմերուն էլ խրախուսած ենք հանդիպիլ, եւ մինչ այժմ իւրաքանչիւրը ըսած է, որ պատրաստ է աշխատիլ այդ նպատակով», եզրափակած է Ճէյմս Օ՛Պրայէնը: