Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լավրովի ուղերձին մէջ յիշուած է, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի դաշնակցային կապերու ամրութիւնը քննութենէ կ’անցնի, քանի որ Արեւմուտքը կը փորձէ խաթարել երկու պետութիւններու յարաբերութիւնները։
Այդ ուղերձով ան 15 Դեկտեմբերին դիմած է «Հանրային դիւանագիտութեան դերն ու տեղը Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գործով» նշանաբանով Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին:
Ուղերձը նախաձեռնութեան մասնակիցներուն համար նախարարին անունով ընթերցած է անոր տեղակալ Միխայիլ Կալուզինը:
«Այսօր Մոսկուայի եւ Երեւանի դաշնակցային կապերը փորձութեան կ’ենթարկուին, Արեւմուտքը կը փափաքի սեպ խրել մեր եղբայրական ժողովուրդներու յարաբերութիւններուն մէջ», ըսած է Լավրով։
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ղեկավարը նաեւ համոզմունք յայտնած է, որ «քննարկումներու հետեւանքով պիտի մշակուին որոշակի առաջարկութիւններ, եւ պիտի հաստատուին փոխադարձ օգտակար յարաբերութիւններ»։