Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօն իր զեկոյցին մէջ յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ դարեր շարունակ ապրած հայերուն դէմ ցեղային զտումները ցեղասպանութիւն են, իսկ տեղահանութիւնը՝ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն։

Ան յիշեցուցած է, որ Դեկտեմբեր 2023_ին կ’ամբողջանայ Ցեղասպանութեան մասին համաձայնութդան ընդունման 75-ամեակը։ Համաձայնութեան ընդունումը կը վկայէ ցեղասպանութեան իրագործումը ժխտելու հարցով մասնակից պետութիւններու հետեւողական դիրքորոշումը։ Սակայն աշխարհը ականատես դարձած է այլ իրավիճակի, երբ հետեւողականօրէն անտեսուած է Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ իրագործուող ցեղասպանութեան մասին տեղեկատուութիւնը։

«Ինչ կը վերաբերի Ցեղասպանութեան համար պատժելու պարտաւորութեան, ապա մասնակից պետութիւնները, ինչպիսին են Ֆրանսան կամ Մեծ Բրիտանիան, կրնան նպաստել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի հետ առնչուած իրավիճակի փոխանցումին Միջազգային քրէական դատարան», նշուած է Օքամփոյի զեկոյցին մէջ։