Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Պաքուի մէջ ԱՄՆ նոր դեսպան Մարք Լիպիի հետ քննարկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարգաւորման գործընթացի հեռանկարները։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը։
«Հանդիպումին քննարկուած են երկու երկիրներու միջեւ երկկողմ եւ բազմակողմ գործակցութեան օրակարգը, տարածաշրջանի մէջ առկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման գործընթացի հեռանկարները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Պայրամով ընդգծած է՝ Ատրպէյճանը շահագրգռուած կողմ է տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար: