Հասայ Միւնիխ ուշացումով եւ փոխանակ մէկ ժամ վերջ յաջորդ օդանաւը առնելու, չորս ժամ սպասեցի, մէկ ժամ դէպի Հանովըր թռչելու համար:
Յոգնած եւ շատ անքուն իջայ օդանաւէն: Մօտեցայ կրպակի մը, որ սուրճի եւ սէնտուիչի տեսակներ կը ծախէր: Սպասեակը, որ նաեւ գանձիչն էր, խանդավառ եւ չափազանց շարժումներով կը սպասարկէր: Երբ կարգը ինծի եկաւ, ըսի.
– Կ’երեւի յոյն ես … խանդավառութիւնդ հաճելի է եւ փոխանցիկ:
Յոգնած եւ անքուն, պէ՛տք ունէի այդ փոխանցուող խանդավառութեան: Բայց տղան – երեսուննոց մը – դէմքը ծամածռեց եւ օ՜ֆ ըսելու անհամ շարժումով մը յաջորդ սպասողը հրաւիրեց իրեն մօտենալու:
Զարմանալիօրէն ցաւեցայ այս շատ փոքր, շատ աննշան միջադէպին համար: Օդակայանի մը մէջ, անծանօթ տղու մը այդ գրեթէ անարգական վերաբերումը ազդեց վրաս. մոռցեր էի որ հոս Գերմանիա է, անհաղորդ մարդոց երկիրը:
Ո՜ւր հասեր է մարդը …
Կար ատեն, երբ ճամբորդութիւնը այնքան հաճելի բան էր, որ նոյն օդանաւին մէջ միասին ճամբորդող անծանօթներ կը սկսէին զրուցել, երբեմն բարեկամութիւններ կը ստեղծուէին եւ մարդիկ իրարմէ կը բաժնուէին այն համոզումով, որ փառք Աստուծոյ, տակաւին խէր կայ աշխարհի երեսին, տակաւին մարդը կրնայ մարդուն ընկեր կամ բարեկամ ըլլալ, անկախ իր բոլոր պատկանելիութիւններէն:
Կարծես «համաշխարհայնացումը» ամէնէն առաջ այստեղ, օդակայանին մէջ կիրարկուեր է, կամ աւելի ճիշդ կ’ըլլայ ըսել՝ փորձարկուեր: Որովհետեւ ամէնէն առաջ այստե՛ղ է որ մարդիկ սկսան իրարու հանդէպ անտարբեր ըլլալ, մտածելով՝ քանի մը ժամուան համար զրուցելու եռանդ վատնելը անիմաստ յոգնութիւն է …
Մանրակերտ աշխարհներեն օդակայանները, իրենց տարբեր երկիրներով եւ ժողովուրդներով: Այնտեղ «թշնամիներ» իրարու քով կամ իրարու ետեւ հերթի կեցած կը տեսնենք յաճախ՝ հնդիկներ, սիխեր եւ աֆղաններ, արաբներ եւ հրեաներ – թէ՞ արդեօք արդէն պէտք է զիոնիստներ կոչել զիրենք, Պաղեստինի վերջին ամիսներու դէպքերուն առիթով ամբողջ աշխարհին հետ Իսրայէլի դէմ բողոքի ձայն բարձրացուցած հրեաները նկատի առնելով, կամ զիրենք չվիրաւորելու համար – սեւամորթներ եւ ամերիկացիներ եւ այլն:
Մաքուր, ընդարձակ եւ լուսաւոր սրահները, հակառակ խուռներամ բազմութիւններուն, գրեթէ լուռ են: Այնտեղ հասնողները, կարծես լռութենէն ազդուած, իրենք եւս աղմուկ չեն բարձրացներ, նոյնիսկ ամէնէն աղմկոտ ազգերը:
Այլ բան մը եւս՝ դուք կռիւի հանդիպե՞ր էք օդակայաններուն մէջ: Բնաւ: Կամ գրեթէ բնաւ. թերեւս երբեմն, միայն մէկ առ հարիւր տոկոսով:
Ասիկա հասկնալի է, որովհետեւ ճամբորդողները կա՛մ շատ ուրախ են, իրենց սիրած-ծրագրած-սպասած ճամբորդութեան սկսելուն համար, կա՛մ շատ տխուր, նայած թէ ինչո՛ւ կը ճամբորդեն: Ալ ինչո՞ւ կռիւ ընեն:
Նաեւ՝ երբ բոլորը իրենք զիրենք հեռու կը պահեն իրարմէ, վաւերական օտարներու նման, ի՞նչ նիւթի շուրջ տարակարծիք պիտի ըլլան եւ կռիւ ընեն:
Բոլորը այստեղ ժամանակաւոր են. կու գան տեղէ մը, կը սպասեն, յետոյ այլ տեղ կը մեկնին:
Ոչ ոք կ’ապրի օդակայանին մէջ – նոյնիսկ պաշտօնեաները որոշուած ժամերու կու գան-կ’երթան – բացի The Terminal ֆիլմին հերոսէն, որ ոչ մէկ երկրի քաղաքացի ըլլալուն, ստիպուեր էր օդակայանը ապրիլ որոշ շրջան մը …
Այս բոլորը բան մը կը յիշեցնե՞ն ձեզի:
Կեա՞նքը: Այո՛, կեանքը, որ ճի՛շդ այսպէս է՝ բարեկամ-թշնամիներ որոնք կողք կողքի կ’ապրին, եւ կ’ապրին իւրաքանչիւրը ի՛ր կեանքը, անկախ կողքինէն:
Օդակայանին միայն անկռիւ վիճակն է, որ նման չէ կեանքին:
Օդակայանին մէջ անցուած երկա՜ր ժամերուն ընթացքին, երբ կը դիտեմ անընդհատ հոսող մարդիկը, երբեմն աճապարանքով, երբեմն հանդարտ գնացքով անցնող, ի տես կեանքին հետ ունեցած նմանութեան կը մտածեմ՝ ինչո՞ւ մենք ալ չենք կրնար անկռիւ, անպատերազմ ապրիլ:
Որովհետեւ իբր թէ այդպէս իրարմէ հեռու, իրարու անհաղորդ ըլլալը պիտի օգնէ որ մարդ աւելի հանգիստ ապրի, ինքն իր մէջ կծկուած, խխունջի պէս ինքն իր վրայ ոլորուած …
Բայց մարդը, ըլլալով ընկերային էակ, ճիշդ անասուններուն նման, չի կրնար առանձին ապրիլ, որքան ալ փորձէ, որովհետեւ այդ փորձը հարազատ չէ, այլ ներմուծուած գաղափար մըն է միայն:
Երբեմն շա՜տ երկար ժամեր կ’անցընենք օդակայանին մէջ, մեր յաջորդ թռիչքը սպասելով: Բայց չենք նեղանար, որովհետեւ գիտենք թէ, որքան ալ երկար ըլլան ժամերը, վերջ մը պիտի ունենան:
Զարմանալի … Չե՞նք գիտեր, որ մեր կեանքն ալ, որքան երկար ապրինք, վերջ մը պիտի ունենայ:
Ուրեմն ինչո՞ւ են կռիւները ընտանիքներու միջեւ, եղբայրներու, ընկերներու, բարեկամներու միջեւ, ինչո՞ւ են պատերազմները երկիրներու միջեւ:
Պիտի մտածէք՝ կրկին պարզունակ գաղափարներ …
Բոլորս ալ գիտենք, թէ որքան աւելի հեշտ է պարզ ըլլալն ու կեանքը յստակ նայուածքով դիտելը:
Կա՛ն սակայն մարդիկ, որոնք նախ ամէն բան կը բարդացնեն, որպէսզի յետոյ իրենց վերագրուի «լուծումներ» գտնելու իմաստութիւնը:
Օդակայանները՝ ժամանակակից, արդիական Բաբելոններ, ուր անհաշուելի լեզուներ կը խօսուին: Բաբելոնի աշտարակին վերջը գիտե՛նք ինչ եղաւ …
Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, եթէ կեանքն ալ օդակայանին պէս ըլլար՝ անկռիւ, բայց մանաւանդ՝ անպատերազմ:
Մարուշ Երամեան