Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանը եւ Ազգային Իշխանութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին երկարամեայ անձնդիր ծառայութիւն ունեցած, շինարար եւ սուրիահայութեան եկեղեցական-ազգային կեանքը պայծառացուցած վաստակաշատ Առաջնորդ

ԳԵՐՇ. Տ. ՍՈՒՐԷՆ Ս. ԱՐՔ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆԻ

վախճանումը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի մէջ:

Այս տխուր առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնն ու Ազգային Կրօնական Ժողովը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսութեան միաբաններուն, վախճանեալ Սրբազանին ընտանիքին եւ հարազատներուն, աղօթելով առ բարձեալն Աստուած, որ Սրբազան Հօր հոգին խաղաղութեան մէջ պահէ եւ երկինքի արքայութեան արժանացնէ:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

***

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ, ՔԱՂՈՒԱԾ՝ ԴՈԿՏ. ՀՈՒՐԻ ԱԶԷԶԵԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ «ԲԱԶՄԵՐԱԽՏ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ ԵՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ» ԳԻՐՔԷՆ

Գերշ. Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեան
Աւազանի անունով Աբրահամ, ծնած է 21 Յունիս 1939-ին, Հալէպ, ուրֆացի ծնողքէ: Ան չորրորդ զաւակը եղած է Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ ծխատէր քահանաներէն՝ բարի Հովիւ եւ նախանձախնդիր եկեղեցական՝ Հոգելոյս Տ. Արսէն Քհնյ. Գաթարոյեանի: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Կրթասիրաց, Ուսումնասիրաց եւ Ազգային Հայկազեան վարժարաններէն ներս:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է 1954-ին: Հինգ տարիներ ետք, 21 Յունիս 1959-ին, սարկաւագ ձեռնադրուած է ձեռամբ Ճեզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգելոյս Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի:
24 Յունիս 1962-ին, կատարած է կուսակրօնութեան ուխտը: Աբեղայ ձեռնադրուած է ձեռամբ՝ Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ անուանակոչուած՝ Տ. Սուրէն Աբեղայ:
Վարդապետական գաւազան ստացած է 3 Նոյեմբեր 1963-ին, աւարտաճառ ներկայացնելով «Հայց. Եկեղեցւոյ Եօթը Խորհուրդներու Պատմական ու Կանոնական Զարգացումը՝ Հայց. Եկեղեցւոյ Կանոնագրութեանց Համաձայն»:
Այդ շրջանին, Երանաշնորհ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինումով, Անթիլիասի մէջ եղած է լուսարարապետ եւ ուսուցիչ Դպրեվանքի՝ դասաւանդելով Ս. Գրոց, քրիստոնէական եւ եկեղեցական երաժշտութիւն, հայ եկեղեցականի խորունկ նախանձախնդրութեամբ վարելով իրեն վստահուած վանական բոլոր պաշտօնները: Միաժամանակ 1962-1965 տարիներուն եղած է դասատու ուսուցիչ Ազգ. Մարտիկեան վարժարանէն ներս:
23 Դեկտեմբեր 1965-ին, որպէս Հոգեւոր Հովիւ գործուղուած է Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքը, ուր մնացած է ութ տարի: Ան բոլորանուէր կերպով ծառայած է մոնթրէալահայ գաղութին, մեծապէս սատարելով տեղւոյն Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եւ Հայ Կեդրոնի շինութեան աշխատանքներուն:
Ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք ստացած է 20 Յուլիս 1969-ին, Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի մոնթրէալահայ գաղութին շնորհած հովուապետական այցելութեան ընթացքին:
1973-ի Յուլիսին, Խորէն Ա. Կաթողիկոսի տնօրինումով վերադարձած է Մայրավանք եւ ստանձնած՝ Դպրեվանքի փոխ տեսուչի, լուսարարապետի եւ դիւանապետի պաշտօնները միանգամայն: Ինչպէս նաեւ, 1973-1977 տարիներուն, դասատու ուսուցիչ եղած է Դպրեվանքէն եւ Ազգ. Մարտիկեան վարժարանէն ներս: 1974-1976 տարիներուն եղած է կրօնաւանդ ուսուցիչ՝ Սոֆիա Յակոբեան երկրդ. Վարժարանէն ներս:
5 Դեկտեմբեր 1976-ին, Ծայրագունութեան աստիճան ստացած է ձեռամբ՝ Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի:

15 Յուլիս 1977-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան Խառն Ժողովին կողմէ ընտրուած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական տեղապահ: Հալէպ ժամանած է 10 Սեպտեմբեր 1977-ին: 15 Հոկտեմբեր 1977-ին, Թեմի Ազգ. Գաւառական Ժողովին կողմէ ընտրուած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ:

30 Հոկտեմբեր 1977-ին, եպիսկոպոս ձեռնադրուած է ձեռամբ՝ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:
Երանաշնորհ Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Բերիոյ Հայոց Թեմին տուած հովուապետական անդրանիկ այցելութեան ընթացքին (29 Ապրիլ-12 Մայիս 1983-ին), 8 Մայիս 1983-ին, յընթացս Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցած հայրապետական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Տ. Սուրէն Եպիսկոպոսին շնորհած է Արքութեան պատիւ եւ տիտղոս:

Ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար նշանաբանը իր հոգեւորականի կեանքին եւ հոգեւոր ծառայութեան ուղեգիծ ընտրած անձնդիր եկեղեցականը, զարմանալի ներդաշնակութեամբ յաջողեցաւ նոյնացնել իր անձն ու առաքելութիւնը, ամբողջական գիտակցութեամբ ընդունելով կոչումին երբեմն յուսադրիչ, բայց յաճախ սպառիչ պարտաւորութիւնները հաւասարապէս, եւ որպէս Աստուծոյ ու ժողովուրդի քահանայ՝ ինքնաբաշխումի քրիստոսատիպ օրինակով մը նոր գոյն ու դիմագիծ տուաւ Բերիոյ պատմական Թեմին, որ վերածաղկումի, ինչու չէ, վերազարթօնքի նորագոյն պատումները արձանագրեց:
Իր հետեւողական աշխատանքներով Հալէպի եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի զանազան շրջաններուն մէջ կառուցուեցան, վերանորոգուեցան կամ բարեզարդուեցան շարք մը եկեղեցիներ կամ ուխտավայրեր։
1993-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս հաստատած է Ազգ. Առաջնորդարանի Սուրէնեան ֆոնտը:
Սրբազան Հայրը ցարդ կը մնայ Բերիոյ պատմական թեմի ամէնէն երկարամեայ Թեմակալ Առաջնորդը։ Քսանհինգ բազմաբեղուն տարիներու ժամանակամիջոցի մը ընդմէջէն պատկառելի վաստակն է, որ կը ճառագայթէ եւ կը վկայէ իր անձին ու գործին մասին։
Գանատայ վերադառնալով, ան մինչեւ իր վախճանումը եղած է Առաջնորդանիստ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ։