Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ եւ արաբական ու եւրոպական բարեկամ երկիրներու նախագահներ նոր տարուան առիթով շնորհաւորանքներ փոխանակեցին։

Փոխանակուած շնորհաւորագրերը կը վերաբերէին յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման փոխադարձ բարեմաղթութիւններու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու միջեւ յարաբերութեան զարգացման ցանկութիւններու։

Նախագահ Ասատ շնորհաւորագրեր ստացաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն, Չինաստանի նախագահ Շի Ճեն Պէնկէն, Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ աս-Սիսիէն, Ժողովրդավարական Քորէայի նախագահ Քիմ Եոնկ Ունէն, Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լոքաշինքոյէն, ինչպէս նաեւ Հարաւային Օսէթիոյ, Աբխազիոյ եւ Սիրալիոնի հանրապետութիւններու նախագահներէն, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ ապահովական խորհուրդի փոխնախագահ Տիմիթրի Մետվետէվէն։