Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2023-ի գիշերուան ժամը 23:05-ին, Իսրայէլ օդային յարձակում մը գործեց Կոլանէն Սուրիոյ հարաւային շրջանին ուղղութեամբ, թիրախ դարձնելով զինուորական կարգ մը կէտեր։
Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։
Յարձակումին հետեւանքով նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։

Շաբաթ, 30 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան ժամը 1:20-ին, Իսրայէլ օդային յարձակում մը եւս գործեց լիբանանեան հողերէն Դամասկոսի շրջակայքին ուղղութեամբ։
Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։
Յարձակումին հետեւանքով դարձեալ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։