Իրան անգամ մը եւս դատապարտեց Սուրիոյ վրայ իսրայէլեան յարձակումները, զանոնք միջազգային օրէնքներու խախտում համարելով։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասէր Քանաանի իր շաբաթական մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Սուրիոյ վրայ իսրայէլեան իրարայաջորդ յարձակումները կը խախտեն տարածաշրջանի ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը», աւելցնելով որ Սուրիոյ վճռական կեցուածքը Պաղեստինեան Դատին նկատմամբ կ՚անհանգստացնէ Իսրայէլը։
Քանաանի աւելցուց, որ սէոնիստական ահաբեկչական գործողութիւններուն դէմ պայքարիլը միջազգային ընտանիքին,, յատկապէս ՄԱԿ-ի ենթակայ Անվտանգութեան Խորհուրդին պատասխանատուութիւնն է։

Ապա դիտել տուաւ, որ Իսրայէլ իր վարած քաղաքականութեամբ կը միտի ներքին իր քաղաքական լարուածութիւնը փոխադրել այլ երկիրներ՝ տարածաշրջանի ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը քայքայելու միտումով։