Պաղեստինեան դիմադրութեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Սալէհ ալ-Արուրի Պէյրութի հարաւային արուարձանին մէջ իսրայէլեան յարձակումի մը թիրախը դառնալով զոհուեցաւ։

ՍԱՆԱ վկայակոչելով Լիբանանի մամլոյ ազգային գործակալութիւնը յիշեց, որ «Մեշրեֆիէի մէջ թշնամի Իսրայէլի կողմէ արձակուած անօդաչու թռչող սարք մը հրակոծութեան ենթարկեց Համասի գրասենեակներէն մէկը, որուն հետեւանքով 9 նահատակ արձանագրուեցաւ։ Նահատակներուն մէջ էր նաեւ ալ-Արուրի»։
Աղբիւրին համաձայն, զոհերուն կողքին 11 վիրաւոր արձանագրուած է։

Համասի գրասենեակը հաղորդած է, որ ալ-Արուրի «Աքսայի հեղեղ» գործողութեան ճարտարապետն էր։