Էսթոնիոյ հանրային հեռուստակայանի եթերին Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով յայտարարած է, որ Պաքուն յոյս ունի մօտ ապագային խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծին շուրջ բանակցութիւններու մէկ փուլ եւս կատարել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պաշտօնեաներուն միջեւ։
«Մենք յոյսով ենք, որ շուտով տեղի պիտի ունենայ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը, եւ պիտի վերսկսի խաղաղ համաձայնագիրի նախագիծին քննարկումը, որ, ի դէպ, մշակած է Ատրպէյճանն ու առաջին անգամ ներկայացուցած է Հայաստանին ընդամէնը մէկ տարի առաջ», ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչը՝ շեշտելով՝ համաձայնագիրի բնաբանին շուրջ բանակցութիւններու ֆիզիքական բացակայութեան լոյսին տակ երկու կողմերն ալ նախագիծերու փոխանակումները կը շարունակեն՝ կողմերէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ իր դիտողութիւնները եւ փոփոխութիւնները։