Չորեքշաբթի, 3 Յունուար 2024-ին, Սուրիոյ պետական եւ անձնական վարժարաններէն ներս 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանի առաջին կիսամեակի քննութիւնները ընթացք առին։
Սուրիական տարբեր նահանգներու մէջ ուսումնական տարբեր կարգերէ 3. 704. 890 աշակերտ ներկայացաւ քննութիւն յանձնելու։
Երկրորդականի՝ պաքալորիայի թուայնացուած միացեալ քննութիւններուն շուրջ Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան քննութիւններու բաժինի տնօրէնը յայտնեց, որ շուրջ 150.000 աշակերտ պիտի դիմէ թուայնացուած միացեալ քննութիւնները յանձնելու Նախարարութեան ճշդած թուականներուն։