Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ զոյգ ցաւակցագրեր յղեց Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան ղեկավար Սեյիտ Ալի Խամինաիի եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաաիսիի։ Ցաւակցագրերուն մէջ նախագահ Ասատ իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնեց Իրանի ղեկավարութեան, ժողովուրդին՝ Քարման քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներու զոհերուն առիթով։
Նախագահ Ասատ ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ նահատակներու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն։

Նախագահը շեշտեց, որ քաղաքայիններու դէմ իրագործուած նման ահաբեկչական յարձակումներ կ՚արտայայտեն ահաբեկիչներուն եւ անոնց հովանաւորներուն անկարողութիւնն ու ձախողութիւնը՝ մեր ժողովուրդները տապալելու եւ երկիրները քանդելու իրենց նկրտումներուն մէջ։

Յիշեցնենք, որ ահաբեկչական պայթումին հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է 103-ի։