Պաղեստինեան Առողջապահութեան Նախարարութիւնը զգուշացուց իսրայէլեան ուժերը իրարայաջորդ յարձակումներուն հետեւանքով «Շուհատա ալ-Աքսա» հիւանդանոցին ծառայութենէ դուրս գալէն, շեշտելով, որ հիւանդանոցին ծառայութենէ դուրս գալը Կազզայի մէջ հազարաւոր հիւանդներու եւ վիրաւորներու մահուան դատապարտում կը համարուի։
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Իսրայէլ հիւանդանոցը անընդհատ ինքնաթիռներով կը հրթիռակոծէ եւ սարսափի կը մատնէ հիւանդներն ու բժշկական անձնակազմը, աւելցնելով, որ հիւանդներն ու վիրաւորները կը փորձեն հիւանդանոցէն դուրս գալ հրթիռներու տարափին տակ։