Իրանի Քերման քաղաքին մէջ` զօրավար Քասէմ Սուլէյմանիի մահուան տարելիցին առիթով սգոյ երթի ընթացքին կատարուած ահաբեկչութիւնը պատուիրած եւ իրականացուցած անձերը կը յայտնաբերուին եւ օրէնքի ողջ խստութեամբ կը պատժուին։ Այս մասին յայտարարած է երկրի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին։
Ան դատապարտած է «հակաիրանական յանցագործներու» ահաբեկչական այս քայլը եւ ցաւակցած է զոհուածներու ընտանիքներուն։ Ան տեղւոյն իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է բոլոր տուժածներուն օգնութիւն տրամադրել։

Իրանի մէջ 4 Յունուարին սուգի օր յայտարարուած է։

Յիշեցնենք, որ այսօր Իրանի մէջ պայթումներ որոտացած են, որոնց հետեւանքով զոհուած է առնուազն 103 մարդ, 200-ը՝ վիրաւորուած։