Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւատարիմ միաբան՝ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան Բերիոյ Թեմէն ներս 27 երկար տարիներու ծառայութենէ, ապա Քանատայի Թեմէն ներս գործելէ ետք իր հոգին աւանդեց Քանատայի մէջ։ Թէեւ իր սիրած հօտէն հեռու էր ան, սակայն զինք սիրող ձեռքերու մէջ էր, մնալով պարզութեան, անկեղծութեան օրինակը եւ թեմիս հաւատաւոր միաբանը։
Սրբազան հայրը լաւագոյնս ընդառաջեց գաղութի կարիքներուն իր առաջնորդութեան ընթացքին եւ պատասխանատու դեր ստանձնեց գաղութի կազմակերպական հպարտառիթ յաջողութիւններու իրականացման մէջ։ Ան մեծարեց իր առաքելութիւնը՝ մնալով յանձնառու իր պաշտօնի ծառայութիւններուն մէջ՝ իր տիպար ու կարգապահ կենցաղով, խստապահանջ սկզբունքներով ու թելադրութիւններով։
Սուրիահայութիւնը քաղցրօրէն վայելեց իր հայրութիւնը եւ զգաց իր քաջալերանքը իր նուիրական բոլոր գործունէութիւններուն ընթացքին։ Ան ազգային բարձրագոյն իտէալներով ու ազնուագոյն զգացումներով գօտեպնդուած առաջնորդեց իր հօտը, համերաշխութեան ոգի դնելով հաւաքական մեր աշխատանքին մէջ։ 27 տարի հայութեան սիրով սնանեցաւ մայր գաղութ Հալէպէն ներս ու փարեցաւ իր պատասխանատու պաշտօնին, հանդիսանալով բոլորիս արգասաբեր մշակը ու հոգածու հայրը։ Ան իր հոգեկան գոհունակութեան իմաստը գտաւ ժողովուրդի ծառայութեան մէջ  ու ձեռնհասօրէն վարեց հովիւի ծանր ու պատասխանատու պաշտօնը։
Սրբազան հայրը ժողովուրդին սորվեցուց սիրել եկեղեցին, քանի որ ան պէտք ունէր հոգեւոր սնունդի։ Նուիրուած իր իտէալներուն, քալեց անոնց փշոտ ճամբաներէն՝ համակուած հայութեան սիրով։ Յուզումով լեցուց մեր սրտերը իր երկարամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին, յատկապէս երբ նոր կառոյցներով օժտեց համայնքը։ Այսօր դրուատիքով կ’անդրադառնանք իր վաստակին եւ կը խոնարհինք իր նուիրումին առջեւ՝ մեր յիշողութեան մէջ տաքուկ անկիւն մը վերապահելով իրեն։
Անշուշտ իր գործունէութեան սահմանագծումը չենք կրնար ընել, սակայն ՍՕ Խաչի մեծ ընտանիքին անունով մեր երախտագիտութիւնը կ’ուզենք յայտնել, որովհետեւ 1984-ին, ՍՕ Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոնի կառուցման հիմնարկէքը իր ձեռամբ կատարուեցաւ։ Օրը Կիրակի էր, 28 Հոկտեմբեր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ՍՕ Խաչի երախտաւոր ննջեցեալներու հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք։ Խաչուհիները սրբազան հօր հետ, ուղղուեցան դէպի կեդրոն, ուր ան բացումը կատարեց պատին զետեղուած յուշաքարին եւ օրհնեց շէնքի հիմնարկէքը։
Յաջորդող երկու տարիներու ընթացքին շէնքը բարձրացաւ շնորհիւ բազմաթիւ նուիրատուներու ներդրումներուն եւ խաչուհիներու հաւաքական ճիգերուն։
1987-ին, այս անգամ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ իր աւարտին հասած ընկերաբժշկական կեդրոնին, ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ձեռամբ, ուր իր սրտի խօսքը ուղղեց Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան ըսելով. «Այս պահուն Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ ոսկի օղակ մը կ’աւելցնենք պատմութենէն եկած մեր ոսկեայ շղթային վրայ, որովհետեւ այս կառոյցը մեր մեծ քերթողահօր Մովսէս Խորենացիի տեսիլքէն ճառագայթող արութեան գործ մըն է. գործ մը, որ իր ծառայութեան մէջ առաւել կ’արժեւորէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը եւ բոլոր խաչուհիները»։
Սրբազա՛ն հայր, մեր ձայնը միացնելով Ձեր պատգամին, կը մաղթենք որ Ընկերաբժշկական կեդրոնը մնայ հարազատ տունը բոլորիս ու անցեալի նախանձախնդրութեամբ փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն։
ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը եւ համայն խաչուհիները խորապէս կը ցաւին Ձեր կորուստին համար եւ այս տխուր առիթով կը բաժնեկցին Ձեր հարազատներուն սուգը։ Թող Աստուած լոյսերու մէջ հանգչեցնէ Ձեր բարի հոգին, քանի որ Հալէպի մէջ հազարաւոր երախտագէտ աշակերտներու, պաշտօնեաներու եւ Ազգ. Պատսպարանի սաներու յիշողութեան մէջ ունեցաք տաքուկ անկիւն մը։
Այսօր վերադարձ մը կատարելով անցեալի տարիներուն եւ պատմական դէպքերուն, որոնք իրենց դրոշմը ձգեցին մեր հոգիներուն մէջ, կը փոխանցենք մեր սրտի խօսքը, որպէս խօսուն վկայութիւն Ձեր երկարամեայ ծառայութեան եւ խնկելի յիշատակին։
ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՅՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ։
ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութիւն