Այսպէս հռչակուած էր՝ Անիթա Գարագոշեան, հայազգի աշխարհի առաջին ովկիանոսագէտը: Ան ծնած է Ֆրանսա / Էրմօն 1899-ին: Ծնողները՝ Լեւոն եւ Ալիս Գարագոշեան: Անիթա միշտ ալ ընկերակցած է իր ընտանիքի զանազան ծովագնացութիւններուն եւ այցելած շատ մը ծովեր ու զանազան երկիրներ: Ան հմայուած է ծովերու եւ ովկիանոսներու լազուրտ ջուրերով ու փոթորկոտ ալիքներով: Իր յուշերուն մէջ ան կը գրէ. «Լողալը քալելէն առաջ սորվեցայ»: Անիթա սիրահարուած էր ջուրին, նաւերուն, ընթերցանութեան եւ լուսանկարչութեան: Համաշխարհային Առաջին պատերազմէն ետք, ընտանիքը կը հաստատուի Փարիզ: Անիթա կը փափաքի զբաղիլ ովկիանոսագիտութեամբ, սակայն շատեր կը փորձեն զինք համոզել, որ վանէ այդ միտքերը, յիշեցնելով դարերէ եկող նախապաշարումը, թէ «Կինը նաւուն վրայ դժբախտութեան նշան է»: Անիթա, սակայն, կը մնայ անդրդուելի ու ժամանակը կը հաստատէ, որ Անիթա դժբախտութիւն չի բերեր, ընդհակառակը՝ պայքարելով կ’օգնէ մարդկութեան հասկնալու ովկիանոսներու խորհրդաւոր գաղտնիքները:
1927-ին Անիթա կ’ամուսնանայ Վիեննայի դեսպանատան աշխատակիցներէն դիւանագէտ, ծագումով իտալացի Մարսէլ Քոնթիի (Marcel Conti) հետ, որ բարձր գնահատելով կնոջ գիտելիքները միշտ նեցուկ կը մնայ անոր առաքելութեան:
Բնախոյզ Անիթա կը շրջի ողջ աշխարհը, կը հետազօտէ ծովերը, առկայ հարցերը, երկար ժամանակ կ’անցընէ ձկնորսանաւերու վրայ, յարատեւ ընթերցանութեամբ կ’ուզէ ծանօթանալ ծովերու բուսական եւ կենդանական աշխարհին:
Անիթա 1935-ին հրաւէր կը ստանայ մասնակցելու Թիոտոր Թիսիի ծովագնացութեան, որուն միայն տղամարդիկ կը մասնակցէին: Օրուան թերթերը երկար յօդուածներով կ’անդրադառնան այս երեւոյթին, որակելով զայն դարու ամէնէն անհաւատալի ցնցումը:
1939-ին երեք ամսուան ժամկէտով ձողաձուկ որսալու համար Վայքինկ ձկնորսանաւով կ’ուղղուի Անթարքթիքա: Այդ ճամբորդութեան ընթացքին կ’եզրակացնէ, որ «ովկիանոսին մէջ ձկնորսութեան չարաշահումը կրնայ շատ ծանր հետեւանքներ ունենալ բնութեան հաւասարակշռութեան վրայ»:
1941-1943 թուականներուն ձկնորսանաւերով կ’երթեւեկէ Ափրիկէի ափերը եւ ֆրանսական ծովակալութեան յանձնարարութեամբ կը կատարելագործէ ձկնորսութեան ձեւերը: Կը կազմէ քարտէզներ, կը նկարագրէ ձուկերու տեսակներ: Քոնթիի ուսումնասիրութիւններու հիմնական նպատակը կ’ըլլայ գտնել ձուկերու վտառներ, պաշար եւ ուտելիք ապահովել զօրքին եւ բնակչութեան՝ սղութեան եւ պատերազմի պայմաններուն ընդառաջ: Կ’առաջարկէ  շնաձուկի միսը օգտագործել եւ կը հիմնէ շնաձուկի բուծարաններ: Պատերազմի տարիներուն Կոնտի զբաղած է նաեւ «Փա տէօ Քալէ»  (PAS DE CALAIS) նեղուցի ականազերծման հարցերով եւ մեծ յաջողութիւն արձանագրած:
Ծովերու  տիկինը ուսումնասիրած, փորձած, վաւերագրած, տեղեկագրած, նկարագրած ու լուսանկարած է գրեթէ երկրագունդի բոլոր ովկիանոսները. մշակած է ձկնորսութեան ժամանակակից արդիւնաբերական ձեւերը: Ան նաեւ գրած ու հրատարակած է բազմաթիւ օգտակար գիրքեր, կազմած՝ քարտէզներ, մշակած՝ ձկնորսութեան գիտական ոճը: Ան առաջարկած է մարդու եւ ովկիանոսի գործակցութեան հակակշռումը եւ անոր եղանակները: Աւելին՝ ան իր միջոցներով հիմնած է նաւաստիներու դպրոց մը «Սեն Ժաք»-ի (Saint-Jacque) նաւահանգիստին մօտ:
Գիտնական բնախոյզ Jacques Yves Cousteau յայտարարած է. «Առանց Անիթայի ջանքերուն, անկարելի էր ստեղծել Մոնաքոյի Ովկիանոսագիտութեան թանգարանը»:
Անիթա Գարագոշեան լաւ կը ճանչնար իր ազգային լեզուն եւ պատմութիւնը ու հպարտ էր իր ազգային արժէքներով: Ան միշտ ալ իր բացատրութիւններուն ընթացքին մէջբերումներ կ’ընէր իր ազգային պատմութենէն լուսարձակի տակ բերելով հայու նկարագիրը՝ որպէս իրեն ուղեցոյց:
Ծովերու տիկինին շնորհուած  է զանազան պարգեւներ, մրցանակներ եւ տիտղոսներ՝ Փարիզ, Նիւ Եորք եւ Պրիւքսէլ:
1962-ին ծովու վրայ նաւարկութեան կը դրուի տիկին Քոնթիի անունը կրող նաւ մը:
Ան անդամ էր ծովերով եւ ովկիանոսներով հետաքրքրուող շատ մը գիտական կաճառներու ու հաստատութիւններու:
Ան շարունակած է իր գործը, նախասիրութիւնները, աշխատանքները մինչեւ խոր ծերութիւն:
Մահացած է 1997-ին, խոր ծերութեան մէջ՝ 98 տարեկանին,  Տուարնէի մէջ: Համաձայն իր կտակին, իր աճիւնները ցրուած են Միջերկրականի ջուրերուն մէջ:
Ճարտարագէտ 
Կարպիս Մինասեան