Թարթուս նահանգը կը դիմագրաւէ նախորդ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը Աքքար շրջանին մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղին հետեւանքները։

Ջրհեղեղին պատճառով վնասուած են բազմաթիւ գիւղատնտեսական հողատարածքներ եւ բնակարաններ։
Նահանգի գործադիր գրասենեակի փոխնախագահ Հասսան Նաաուս յայտնեց, որ տարածաշրջանը տեղատարափ անձրեւ տեսաւ, հետեւաբար ջուրի մակարդակը բարձրացաւ, որուն հետեւանքով բազմաթիւ բնակարաններ եւ արտեր վնասուեցան։
Ան աւելցուց, որ նահանգապետարանը կը հետեւի յիշեալ աղէտէն ետք քաղաքացիներուն կարիքներուն եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ նոր աղէտէ խուսափելու միջոցներու կը ձեռնարկէ, նկատի ունենալով, որ օդի ջերմաստիճանը նուազումի ընթացք ունի։