Թրքական ուժեր անօդաչու թռչող սարքերով հրթիռակոծեցին Հասիչէ նահանգի ելեկտրականութեան կայանը, որուն հետեւանքով Ամուտայի եւ Տրպէսիէյի ջրամատակարարման կայանին աշխատանքը կասեցուեցաւ, անհրաժեշտ ելեկտրական հոսքի դադրեցման պատճառով։

Շրջանի ջուրի ընկերութեան ընդհ. տնօրէն Մուհամմէտ Օսման յայտնեց, որ Ամուտայի եւ Տրպէսիէի ջրամատակարարման կայանը աշխատցնելու համար շրջանին մէջ յաւելեալ ելեկտրական կայան չկայ, աւելցնելով, որ թրքական ուժերուն շրջանի ելեկտրական կայանին հրթիռակոծման շարունակութեան պարագային, Գամիշլիի ջրամատակարարման կայանը եւս ծառայութենէ դուրս գալու վտանգին դիմաց կը գտնուի։

Օսման հաստատեց, որ Ռաս ուլ-Այնի Ալլուք ջրամուղ կայանը եւս աշխատանքէ դադրած էր նախապէս, որովհետեւ թրքական ուժեր ամիսներ առաջ հրթիռակոծած էին Տրպէսիէի ելեկտրածին կայանը, ուստի Հասիչէի եւ անոր արեւմտեան արուարձանին մէջ ներկայիս շուրջ մէկ միլիոն քաղաքացի ջուրէ զրկուած է։