Սուրիական «Ուաթան» թերթը հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ մօտ օրէն  պիտի բացուի Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը։ Բացման նախապատրաստական աշխատանքները յառաջիկայ օրերուն պիտի սկսին։
Մինչեւ Դամասկոսի մէջ Ռիատի դեսպանին նշանակուիլը, պատուիրակութեան նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ ժամանակաւոր հաւատարմատար մը։