Երկու հին բանաստեղծութիւններուս առիթով (որոնք հրատարակուած են առաջին գիրքիս` «Դէպի Երկինք Արձակուած Նետ»-ին մէջ եւ որոնց համար փափաքեցայ նորէն հրատարակութիւն մը,  յետին ու շրջուած կարգով մը- այս անգամ մամուլին մէջ- ուստի ղրկեցի «Գանձասար»-ին):
Այս երկու բանաստեղծութիւններս գրած եմ պատանեկան տարիքիս, այո՛ անոնք սիրային բովանդակութեամբ չեն, բայց կը յիշեմ որ այդ ժամանակուան սիրահարուածութիւնս պարուրանք ու մղում տուած էր ամէն ինչին, եւ անոնց միջոցաւ յատուկ ռոմանթիզմ՝ գրածներուս:
Կարծեմ երբ սիրահարուած ես, անցած ու կատարուող դէպքերը անձնականացած կերպով ու սիրած անձիդ էութենականութեամբ կը դիտես ու կը զարդարես անով իրերը, եւ յաճախ ակամայ այդ հենքի ինքնամղումով կ’ուզես հասկնալ հարցերը:
Հիմա երբ կը վերապրիմ այդ շրջանի բանաստեղծական ներշնչանքիս պահերն ու նոյն ժամանակներու զգացումային, իմացական եւ հաղորդագրային զեղումները, թրթռացումները, իւրացումները, ըլլալները, բռնկումներն ու ըմբռնումները, պարզապէս կը փշաքաղուիմ, չըսելու կը լիանամ, ժամացոյցով մը կը ժամանականամ, կը կեանքազերծուիմ եւ նոյն ատեն կը կեանքահոսուիմ ինձմէ դուրս եւ ներս: Այո՛, դժուար է, քաղցր է, բայց դարձը դէպի գրուած բանաստեղծութիւնները եւ անոնց ծնունդով տարուիլը պարզապէս հրաշքային կը թուի ամէն չափանիշներով եւ ամէն ինչէ աւելի:
Այս բանաստեղծութիւններս գրած եմ երբ տօնածառին քով նստած էի եւ այդ ծառին տակ պզտիկ մսուրը կար Յիսուս մանուկին, իբրեւ անմասն ոգի եւ հաղորդութիւն:
Սիրահարուած էի օրթոտոքս սուրեանի աղջկայ մը, որ առաջին սիրոյ անձնականացած, ապրելի, երեւակայելի, մաքրածին ու տիեզերք կերտող շունչ տուաւ ինծի: Կարծեմ հիմա ամուսնացած է եւ զաւակներ ալ ունի (Ժողովրդային՝ իմաստ փնտռող ասացուածքով չխուսափիմ ըսելու, որ եթէ ամուսնանայինք, հաւանաբար մենք ալ մեծ զաւակներ կ’ունենայինք հիմա…):
Հալէպ, մանկութիւն, պատանեկութիւն, հայկական, արաբական եւ շատ մը լեզուներով Երգեր, իւրացուած ու միշտ չհասնող տարածութիւններով: Հայ, քիւրտ, սուրեանի, թուրքման, մեծ ու փորք փոքրամասութիւններ, որոնք կ’ուզեն կերտուիլ մեծամասնականութեամբ մը, եւ որոնք քաղաքականութիւններ միշտ կ’ուզեն վանել, բայց միշտ հին դերերով անխախտութիւն մը կ’ապրին:
Հալէպ, ուր գերանձնականացած էր ամէն ինչ, ուր իտէալիզմը շատ դիւրին կը հասնէր ու կը կերտուէր ամէն մէկ վայրկեանին մէջ օրուան, բայց ան կրնար նոյնպէս դիւրաւ քանդուիլ խաղի մը, սիրոյ մը, հանդիպումի մը մէջ, «այնքան մեծ-փոքր կամ այնքան փոքր-մեծ» կերտումով-կտրուածքով մը:
Ես սիրահարուած էի եւ միացած այդ ժամանակուան պատանի բոլոր սիրահարուածներուն. կը կարծէի, որ պիտի գտնեմ ճանաչումը մարմինին, հոգիին, տենդին, ձեւին  եւ ուր որ է ամէն հպում ու թարթում յայտնագործումէն պիտի տանէր ինծի դէպի մեծ ու բոլորուած կերտումն ու  կայացումը: Բնականաբար չեղաւ այդ մէկը եւ տակաւին այդ հեւքի կարօտը կ’ուզէ իշխել ամէն տեղ ժամանակը նուաճելու եւ յաւերժ պատանի, գեղուն, ծաղկած, փնտռելի, անաւարտ ու հոսող անժամանակ ապրուածութիւնը անիրագործաբար տեսնելու, շօշափելու, ըմբոշխնելու եւ ըլլալու. «Ես եմ ժամանակը, չփախիք ինձմէ, եղէ՛ք միշտ հոս անցեալ ու ապագայ» բնագիրի կատարմամբ:
Կը գրես որ յիշես, վաւերագրես, կը վկայես, կը կերտես նախ նոյն տուեալ վայրկեանի հոգիիդ համար, յետոյ կը հրամցնես եւ կու տաս (անկախ, թէ կը կարդան կամ չեն կարդար) այս ընթացքը ամենամեծ արհեստագիտութենէն, գիտութենէն, ժամանակէն չի նուաճուիր կարծեմ. ու այդ ընթացքը ստեղծագործութեան ինչքան ալ ուժ, տարփանք, խինդ ու երազականացում տայ, որպէսզի ապրիլ սորվիս եւ կերտես ինչ որ ես, կը մնայ յուզական, ռոմանթիք, անհասանելի եւ չիրականացուող:

ՅԻՍՈՒՍԻՆ՝ ԾՆՈՒՆԴԻՆ

Կարելի անյայտ հայեացքդ սպառնաց տողերուս,
որոնք դեռ չընդգրկած ճերմակ ծով ու արեւ,
դարձան ծառայ քու ցանկութեան ու մաղձ տուին ճիգերուս,
որոնք ննջեցին վհատ, լքելով թռիչք ու թեւ:
Բայց երբ հիմա ես յուզեմ հոգիներս սիրելի,
պիտի գոռան սրտիս անդունդները անտարբեր
ու նզովեն իմ հէգ տաղին հայհոյանքով նազելի,
որ ըմպեցուց տողերուս Յիսուսի հուրքն լուսաբեր:
Այս գիշերուայ անլոյս ճիչին ես ի՞նչ փառքով այցելեմ,
երբ ան յոգնած կ’ունկնդրէ Յիսուսիս երգը նաշխուն,
միթէ՞ պէտք է յաւերժի չոր ուսերը շօշափեմ
կամ յաւերժ մը շալկեմ նետելով այս գիշերուան աստղերուն:

ԾԱՌ

Նստած եմ տրտում, զուլալ է հոգիս,
քովս կը շնչէ ծառ մը դարաւոր,
միւս կողմէ սիրտս հուր կու տայ մտքիս,
եւ ես կը յորդիմ տանջանքով հզօր:
Գիշերը մեղմիկ ողջունեց ցաւս,
ու փռեց անշէջ յաւերժի ուղին,
գրիչս ժպտաց եւ այրեց ողբս,
բայց ես մնացի գերի վառ սէրին:
Գթաց իմ վրայ նոյնիսկ չար քամին
եւ ցանկաց տանիլ կարօտը իմ հին,
բայց երկչոտ սիրտս չուզեց որ դպչի,
քամիին դէմքը կոյս աղջկայ դէմքին:
Արցունքներ անմեղ թուղթս թրջեցին
ու պատմեցին լուռ ամէն գիշերուայ
ահն ու սարսափը ու սիրուն տենդիս
կարծես յանձնեցին հուրք մը հնամեայ:
Հոգիս պինդ կուլայ բայց կը ճանչնամ զինք,
երբ հարկ է ճչայ կը դառնայ խրոխտ
Օ, իր կամքն ու ձայնն այո կը սիրեմ
բայց չեմ ուզեր իր այս արցունքը կրքոտ:
Նստած եմ տրտում, զուլալ է հոգիս,
քովս կը շնչէ ծառ մը դարաւոր,
վաղը նոր տարի, վաղը նոր տարի
աշխարհ միշտ ուզէ նուէրներ նոր-նոր:
Տիգրան Գաբոյեան