…Դո՛ւն, Արեւե՛լք, իբրեւ վրէժ կը կանգնիս
Դժբախտութեանը մարդուն,
Զօր Արեւմուտքը դարբնեց։
Դո՛ւն հարազատ, ե՛ւ ինքնաստեղծ, ե՛ւ  հսկայ, 
Որուն աւերակները տակաւին կը բուրեն
Խունկ ու ստաշխ եւ ծարի՜ր…
Վահան Թոթովենց
Ծննդավայրի կանչը հայրենաբաղձի ուժգնութեամբ վտարանդի հոգւոյս պլպլացող կանթեղները բոցավառեց: Կարօտախտի հիւանդագին ջերմաստիճանը մրմռացող անբուժելի վէրքի մը վերածուած էր: Խռովայոյզ հոգւոյս միակ պատկերը, որ նահապետի նման փարթամօրէն բազմած էր յիշողութեանս հիւրանոցին մէջ՝ Հալէպն էր: Կոտտացող խոցը, համեմատաբար պիտի սպիանար, եթէ անսայի կարօտի անդիմադրելի խթանիչ կոչին որպէս բալասան: Այսպէս, տասը տարուան բացակայութենէ ետք, մօր ստինքին ձգողութեան տաքութեան կարօտ մանկան նման, տարիներու անյագ սպասումէն ետք, խոցուած հոգւոյս բալասանը հոն անթեղուած պիտի գտնէի:  Մորմոքած հէգ հոգիս զիս առաջնորդեց հոն, ուր արարուած էի, հոն ուր անթեղուած էին յիշատակարանիս անառիկ պատկերները: Արդ, 2010-ի Նոր Տարին դիմաւորեցի Հալէպի երկնակամարին ներքեւ՝ մեներգելով.
Թռչէի մտքով տուն,
Ուր իմ մայրն է արթուն,
Տեսնէի այն առուն,
Կարօտով ես անհուն,
Որ ամէն մի գարուն
Ջրերով վարարուն
Կարկաչում էր սարերում:
Հալէպ հասած առաջին օրս հարազատներու հանդիպելէ առաջ, չնաշխարհիկ քաշողութիւն մը զիս հիպնոսացնելով, հոգեբնախօսական զօրաւոր ազդեցութեամբ մղեց Խոնարհին հետ ուղղուելու դէպի Ճիտէտիէ-Սալիպէի պատմական թաղամասեր: Հինաւուրց այս շրջանը, առաւելաբար հայկականութեամբ եռուն եւ քրիստոնէական դրոշմով զարդարուն,  նեղ թաղամասերու ծածկոյթով շպարուած՝ տուներու եւ եկեղեցիներու համալիր մըն էր, ուր հայեր 16-17-րդ դարերէն սկսեալ, հին Հալէպի պարիսպի սահմանէն դուրս գտնուող այս շրջանին մէջ կայք հաստատած էին: Ան որ կ’այցելէ Ճիտէտիէն, անպայման պիտի հիանայ արեւելեան յատուկ բոյրով եւ շինարարական հմայիչ դիմագիծով, որ դարեր շարունակ յաջողած էր պահպանել կրօնական եւ ընկերային գոյակցութիւնը տարբեր դաւանանքներու ու կրօններու:
Արաբական բակով փարթամ տուները, առասպելական հանգուցուածքով դիցերու սրբացած կացարանները յիշեցնող կառոյցներ էին: Ամէնէն նշանաւորներն էին՝ Պէյթ Ուաքիլ, Պէյթ Տալալ, Պէյթ Զամարիա, Պէյթ Սատըր, Տար ալ-Եասմին, Պէյթ Սիսի, Տար Պասիլ:
Սրտիս ամէնէն խօսունը Պէյթ ալ-Ղազալէն էր, նախկին Ազգ. Հայկազեան մանչերու նախակրթարանի բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եմ: Մեր տունը, ո՛չ շատ հեռու, հրշէջներու պողոտային մէջ կը գտնուէր: Լաւագոյն եւ ապահով թաղամասը, ուր կարելի էր խաղալ. Ճիտէտիէի այդ նեղ արահետներն էին, ուր հնարաւորութիւն կ’ունենայինք մեր «փորի որդերը թափելու» ծնողներու թոյլտուութեամբ:
Անշուշտ արկածախնդրութիւնն ա՛լ մէկ բաժինն էր առօրեայ մեր մանկական օրակարգերուն, որոնց ընթացքին երբեմն օտար խմբակներու հետ անհամաձայնութիւն կ’ունենայինք՝ թաղամասի մը մէկ անկիւնը հակակշռի տակ առնելու համար: Յաջորդ օր, մեր կիսատ թողած տարակարծութիւններու լուծման ապաւէնը կ’ըլլային՝ Հայկազեանի աշակերտութեան երէց,  թիկնեղ տղաքը, զիրենք առաջ քշելով, այդ խմբակներու ներկայացուցիչներուն հետ «տղամարդիկ» առերեսում ունենալով արդար հաշուեյարդար մը տնօրինելու, որպէսզի ընդմի՛շտ օտարամուտ եկուորները շպրտէինք այդ թաղի անկիւնէն, ի հաշիւ կրտսեր հայկազեանական՝ ապագացու խոստմնալից «զինակիցներու»:
Ճիտէտիէ-Սալիպէն ինքնաբաւ եւ փակ շրջան մը եղած է, որ ունեցած է դռներ, որոնք հարկ եղած պարագային կը փակուէին օտարամուտ ոտնձգութիւններուն առաջ: Իր ծաւալուն տարածքին վրայ համախմբուած կը գտնէիր զանազան արհեստաւորներ՝ ոսկերիչներ, պայուսակավաճառներ, կօշկակարներ, պղնձագործներ, անուշավաճառներ, կաթնավաճառներ, պտղավաճառներ, նպարավաճառներ, ձկնավաճառներ, փռապաններ, կերպասավաճառներ, բուրդի եւ դերձաններու նշանաւոր շուկային կողքին:
Հալէպահայութեան վաղեմի կեանքին մէջ, Սալիպէ-Ճիտէտիէն, Սահէթ ալ-Ֆարհաթը, Զուքաք Արպինը, Քասթալ Հարամին, Շապուրան, Պաուապէթ ալ-Քասապը, Պաուապէթ ալ-Խալը, Թաթրիպէն եւ Հոգետունը հայկական մշակութային եւ կրթական նկատառելի փարոսներ էին: Հոն կեդրոնացած էին ատենօք քաղաքի հանրածանօթ հայկական գրքավաճառները, ինչպիսիք են՝ պարոն Ռուբէն, Կիւլասէր Տէմիրճեան, Պօղարեան, Սապունճեան՝ Օմար Խայամ, Օշական, Կիլիկիա գրախանութ: Նաեւ աւելցնենք հայկական տպարաններու հոյլ մը, որուն արգասիքը հանդիսացաւ Հալէպի հայկական մամուլը: Տպարաններէն կարելի է յիշել՝ Արեւելքը, Գօգօն եւ Անին:
Մշակոյթի պահպանման արհեստներու կարեւորագոյն մէկ ասպարէզը գիրքերու կազմարարական աշխատանքն է: Հնամաշ արժէքաւոր պատմական էջեր կը փրկուէին կորուստէ,  արժանանալով Վերամշակման՝ բծախնդիր վարպետներու կողմէ, որոնցմէ կը մտաբերեմ՝ կազմարար  Թադէոս Թիւթէլեանը եւ Յովհաննէս Պասմաճեանը: Ասոնց վրայ պէտք է  գումարել  հայկական կրթօճախներու կենսական հոյլ մը՝ Կիլիկեան, Հայկազեան, Կրթասիրաց վարժարան, Աւետարանչական վարժարան՝ (Աուճէթ Քայալէի մուտքին), Հայ կաթողիկէ Ս. Ղրիղորիոս դպրոցը, ի շարս հանրայայտ Տիգրիս եւ Քրիստափոր գրադարանններուն:  Ասոնց վրայ պէտք է գումարել ներկայութիւնը հայկական կարեւորագոյն կազմակերպութիւններու կեդրոններուն, ինչպիսիք են՝ Թէքէեան Մշակութային Միութիւն,  ՀԵՄ եւ ՀՄԸՄ-ը, ՀՄՄ-ը եւ Նոր Սերունդը, որոնք եթէ ուղղակի այդ նեղ թաղերուն մէջ չէին, բայց մերձակայ շրջանին՝ Թիլէլի մաս կը կազմէին, ի շարս բազում քրիստոնեայ ու հայկական եկեղեցիներու եւ հայկական ժողովրդային պատկառելի համախմբումին, որոնք դարձան հայկականութեամբ տրոփող ամրակուռ քուրայ մը ու արհեստավարժ վարպետներու անմրցելի, ծլարձակող օրրան մը:
Այս անգամ զբօսաշրջիկի հետաքրքրութեամբ, կարօտախտի ծանր զամբիւղը փաթթած, պեղեցի թանձր ծածկոյթով աղօտած, ծանօթ, հինաւուրց նեղ արահետները: Ամէն յիշատակելի անկիւնաքարի հանդիպելով, փորձեցի վերակառուցել  վաղեմի բարեկամներու մշուշապատ դէմքերը, պատկերացնելով անոնց վրայ դրոշմուած տարիներու թողած հաւանական հետքերու մանրամասնութիւնները, նախքան կենդանի պատեհ հանդիպման առիթի ստեղծուիլը:
Անցեալի անձնաւորութիւններն ու ծանօթ դէմքերը կը կարծէի անճանաչելի պիտի թուէին: Ի զարմանս ինծի, շատերու հանդիպեցայ… տարիներու տարերքը՝ նուազագոյն խորշոմի ակօսներ հիւսած էր իրենց երանելի դէմքերուն վրայ: Հալէպը  իր բազմապիսի, բարենպաստ եւ կենարար դրոշմով պաշտպանած էր իրենց ֆիզիքական, գէթ առերեւոյթ տեսքը:
Բախտաւոր էի, կրկին ապրելով անոնց տաքուկ, հիւրընկալ բարեկամութեան պերճանքը:  Այսպէս, հոյլ մը հայ ոսկերիչներու փառահեղ խանութներն ու աշխատանոցները եւ արհեստաւորներու հիւրընկալ ժպիտները փաստեցին, որ ժամանակի թաւալումը ժանգ չէ կապած հարազատութեան վրայ: Համակուած նոյն յարգանքի չափով ու լիացուած սիրոյ ու կարօտի տոգորումով՝ համտեսեցի իրենց նշանաւոր սուրճը, որ կը պատրաստուէր ոսկերիչի հալոցի կրակով ու փուքով:
Քիչ մը անդին, ածխավաճառներու խանի կուպրագոյն թաւ փոշին, կարգ մը ոսկերիչներու ցուցափեղկերուն յատակը պարս կապած էր: Տարիներու բացակայութեան տուրքը մատուցելու, մեղաւորի համազգեստս օծանելու յատուկ ներգործութիւն մը անյագ հետաքրքրութեամբ զիս մղեց խանի ընդերքը հետազօտելու: Ոչինչ փոխուած էր: Միայն հսկայ դարպասը նորոգուած ու ձեւաւորուած տեսայ: Ածխափոշին ամէնուրեք հանգչած էր սալայատակին վրայ: Վարպետները սեւցած դէմքերով պատերազմի գացող յատուկ ջոկատայիններու մարտիկներուն կերպը կը միմոսէին:
Միջերկրական ծովու բոյրին շաւիղներով եւ  Եփրատի խամրած ալիքներու շառաչիւնի փսփսուքը յիշեցնող խրպոտ աղաղակները իմ յաջորդ կանգառս դարձուցին ձկնավաճառներու խանութները: «Շապութը», «Ճէճ»-ը եւ «Լըքօսը»՝ սառերու կոյտին ներքեւ, գլուխնին ներս քաշած, յուսահատ ճիգով մը կը փորձէին յաճախորդներու զննիչ աչքերէն հեռու պահել իրենց համրացած պատեանը, փրփրադէզ ալիքներուն վերադառնալու անկատար տենչանքով:
Ձկնավաճառը հպարտութեամբ, իր հռետորական բացագանչութիւններով, շեշտակի կը փորձէր լսելի դարձնել անոնց թարմ ըլլալը՝ մատնանշելով գորտերը, որոնց կռկռոցը վաղուց խեղդուած էր  իրենց կոկորդին մէջ: Բարկութիւն ժայթքող հայեացքը յառած էր ճանճերու պարսերուն, որոնք յուսահատ ճիգով կը փորձէին յամառօրէն թառիլ խեղճացած ձուկերուն վրայ: Արգելակելու համար անոնց սուր ախորժակը, ձեռքի հովիչովը՝ անհանգստացնող տզզոցները լռեցնելու խուճապային ճիգով մը, կրկէսի հտպիտին շարժումները յիշեցնող, երերուն հարուածներով փոխանակ վանելու անկոչ զազրոտ հիւրերը, անոնց թեւերուն աւելի համաչափութիւն կարծես առթելով, զանոնք կը վերածէր ըմբոստ ՔԱՄԻՔԱԶ-ներու: Ճանճերն ալ, իրենց կարգին, երաժշտական խմբավարի մը վարպետութեան անսացողի հաւատարմութեամբ աւելի պնդագլուխ դարձած՝ հանգիստ կը թառէին «բուրումնաւէտ» ձուկերուն վրայ, ի հեճուկս խանութպանի վանողական ճիգերուն:
Քիչ մը անդին, Պարհամ բաղնիքին տանող ճամբուն անկիւնը, կանգ առի բացօդեայ ագարակին դիմաց, մանկութեանս ամէնէն սիրած վայրերէս մին: Փնտռեցի հաւնոցի մաղերու ետին, անկիւնը սլկտացող խրոխտ հնդկահաւերը: Անոնք, գրեթէ նոյն  անկիւնը գրաւելով ՝ շաղփաղփը միախառնելով շուրջի հաւերու կչկչոցներուն հետ,  միաձոյլ սիրաբանական մեղեդի մը հիւսելով, անմեղունակ աղաւնիներու երամին անգամ, ճարպիկ փորձով մը, իրենց ակումբին միանալու տաքուկ հրաւէր մը կ’ուղղէին: Աղաւնիները իրենց կարգին, հրաժեշտի գազելի մեղեդիի նման՝ իրենց ղուղունցով, կը փորձէին անցորդներուն կարեկցութիւնը հայցել, գուցէ մէկը՝ կրնար փրկել զիրենք սպասող եղերական անտարակոյս վախճանէն:
Ուշադրութենէս չէր կրնալ վրիպիլ մեծ վանդակի մէջ բոլորուած, վայրի գորշ նապաստակներու խումբը: Նապաստակները բազմած թարմ խոտի մը կոյտին վրայ, անյագօրէն կը լափէին կանաչութիւնը, փորձելով հասնիլ յատակին հազիւ երեւցող ստեպղիններուն, առանց ուշադրութիւն դարձնելու դրացի հաւերուն խանգարիչ կտտոցներուն, որոնք կուտի կերի իրենց բայը գտնելու ճիգին մէջ էին: Բոլորն ալ, արհամարհելով մահուան ուրուականը, որ Դամոկլեան սուրի նման կախուած էր իրենց վերեւ, գարշ կու տային որովայնի կանչին, մինչեւ վերջ կուշտերնին լեցնելով, արհամարհելով սպասելի եղերական աներկբայ ճակատագիրը:
Ամէնէն արգահատելի պատկերը բացուեցաւ մսավաճառներու մէկ խանութին առջեւ, ուր մսավաճառ մը՝ արիւնախանձ տենդով, գառ մը փողոտելու կը պատրաստուէր: Ոչխարը՝ խեղճութեան, տկարութեան եւ ամեղութեան մարմնացումն է հասարակութեան մեծ շերտի մը մօտ: Զայն զենելը նաե՛ւ կը պարփակէ իր մէջ աստուածային փառաբանութեան միստիկ խորհուրդ, որուն հետ, սակայն, դժուար թէ հաշտուիս, մանաւանդ երբ ճաշակած ես արեւմտեան ընկալուած օրէնսդրական կարգ, ուր կենդանական աշխարհին շնորհուած է նոյնքա՛ն իրաւունք որքան մարդոց, որոնց կարգ մը նրբութիւնները եւ առաւելութիւնները նոյնի՛սկ զլացուած են մարդ անհատին: Արեւմտեան երկիրներու մէջ, բացարձակապէս կարելի չէ պատկերացնել կենդանիի զենումը հանրային ձեւով:
Թախանձագին մայիւնը ողջակիզուելիք անպաշտման ոչխարին, երբե՛ք չէր շարժեր կարեկցութիւնը «հերոս» մսավաճառին, որ բացագանչութիւններու տարափով մը՝ գառին պաղատագին հեծեծանքներու ձայնը չէզոքացնելու դիտաւորութեամբ, կը շարունակէր իր պատրաստութիւնները: Ի՜նչ հեգնանք, մսավաճառը՝ իր ապրուստը ճարելու հեւքին էր, որոնելով միսի կտորը, իսկ ոչխարը իր հոգիի փրկութեան լաստը կը փընտռէր…, ինչպէս կ’ըսէ խօսոյթը: Ան, արագօրէն կրկին ու կրկին սրելով դանակը կաշիէ կտորի մը վրայ, արաբերէն աղօթք մրմնջալով Աստուծմէ կը խնդրէր ընդունելի դարձնել ներկայացուած մատաղը: Մինչ թաղի պատեհապաշտ կատուները բարձրաձայն մլաւիւնի նախերգանքով մը կը տօնախմբէին պատառիկ մը միսի մնացորդացին տիրանալու խնդութիւնը:
Թէեւ արեան ճահիճի արգահատելի տեսքը դժուարութիւն չունէի տեսնելու, սակայն այդ պահուն թելադրիչ պատգամը իմ մէջ արթնցուց Հայոց Ցեղասպանութեան նմանօրինակ մարդակիզումի պատկերներ:  Ի՜նչ հեգնանք, չարաբաստիկ սպանդէ մազապուրծ տարագիր հայորդիները, տասնեակ  տարիներ առաջ, նոյնի՛նքն գառի զոհասեղանի թատերաբեմ  դարձած այդ թաղերուն մէջ, ապահով ապաստան գտան, վայելելով տեղացի հարեւաններու ջերմ հիւրընկալութիւնը:
Մսավաճառի ամէնօրեայ սովորական վարքը, պժգանքով պարուրեց զիս՝ պատճառելով որ ընդհուպ հեռանամ այդ միջավայրէն, ուղղուելով մօտակայ Թէաթրիպէ թաղամասը, մեծ հօրս՝ Սանտալճի Ուզուն Հաճիին խանութին վայրը։ Հոն հասնելու համար, պէտք էր անցնէի կամարին ներքեւ մեռելաթաղ Արծիւեանին խանութին առջեւէն: Այդ մէկն ալ խոստովանիմ, թէ մանկական յիշողութեանս էջերուն վրայ մեխուած են Ճիտէտիէի շրջանին մէջ երկու վայրեր, որոնք զիս կը փշաքաղէին, մեռելաթաղեր՝ Հաննուշին եւ Արծիւեանին խանութներն էին։ Այսպէս, երեխայական աշխարհս խռովայոյզ կը դարձնէին ցուցադրուած դատարկ, սահմռկեցուցիչ մեռելասնտուկները եւ զո՞վ պիտի հիւրընկալէ անորոշութիւնը։ Ահազդու տեսարանը պատճառ կ’ըլլար, որ օրեր շարունակ խուսափէի անոնց մօտակայ թաղէն ի՛սկ անցնելու։ Այս անգամ, հաստատաքայլ, առանց վարանումի քալեցի Արծիւեանի խանութին կողքէն, անցնելով նշանաւոր կամարին տակէն, «Ֆուլճի Ապտոյին» բարեւ մը տալով, «Սալամու ալէյքոմ» մը ըսելով: Փաստօրէն, այլեւս մահուան վախի բարդոյթով չէի ապրեր, հասկնալով եւ հաշտուելով «կեանքը ինչպէս որ է»-ի տարերային ճշմարտութեան հետ: Քայլերս արագացնելով կանգ առի նշանաւոր «Հալվաճի Օսման»-ին խանութին առաջ, որ  մեծ հօրս խանութին կողքի դրացին էր: Մեծ հօրս արհեստանոցին սեփականատէրերը չէին սրբած ապակեփեղկին վրայէն արաբերէն մեծատառ գրուած «ՀԱՃԻ» բառը:
Մեծաւ մասամբ այդ արահետները փոքր, սեւ քարերով սալայատակուած էին, դիւրացնելու ընտանի չորքոտանիներուն երթեւեկը: Ճանապարհին, երբեմն պէտք է խուսափէիր թրիքի թաքուն «ականներուն» վրայ կոխկրռտելէ: Հակառակ այս անհամ պատկերին, կը յիշեմ  թէ ինչպէ՜ս կ’ընկերակցէի մօրս ոտաբոպիկ, սրտապարար ուխտագնացութիւններուն, ուղղուելով Շապուրայի Մար Ճըրճոս եկեղեցին, որ շատ հեռու չէր մեծ հօրս «Սանտալ»-ի (տրեխի) աշխատանոցէն: Նոյն այդ արահետներով, հաւատացեալ հոծ բազմութիւն մը Աւագ Ուրբաթ օրերը, Փրկիչի արեամբ հեղուած խաչելութեան ճանապարհները յիշեցնող, հոգեպարար թափօրներով կ’այցելէր եօթը եկեղեցի:  Իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն կը հետեւի հաւատքի տուրքը մատուցելու տարբեր սովորութիւններու, որոնք ժամանակի ընթացքին կը վերածուին աւանդութեան: Այս մէկն ալ հալէպեան քրիստոնեայ  մասսային հարազատ եւ դիւթիչ խճանկարներէն էր:
Երեկոյեան, ընտանեկան պարագաներով մեր ժամադրավայրը եղաւ նոր ճաշարաններէն մէկը՝ Սիսը: Ճիտէտիէի մութին մէջ ընկղմած, հազիւ երեւելի շառաւիղները՝ միջնադարեան ամեհի վհուկներու սարդոստայնով բնակուած տնակներուն ու ահարկու թաքուն նկուղներու խճանկարը կը յիշեցնէին: Արաբական տուներու առաւօտեան գողտրիկ տեսանելի շաւիղներն ու փարթամ բակով բնակարանները ծածկուած էին թանձր մարախուղով, որոնց մէջ միախառնուած էր ծխնելոյզներէն գուլայ-գուլայ բարձրացող մազութի վառարաններու անախորժ ծուխին հոտը, որ թափանցելով  պատերու շախաղին ընդմէջէն կը ծեփէր հնամենի կառոյցները՝ իր ուրոյն բուրմունքով մատնահետք թողլով «պատմութեան էջերուն» վրայ: Մինչ Արեւելքի աստուածները վաղեմի իրենց մեհեաններու շքեղութիւնը յիշեցնող, գաղտագողի տեղաւորուած արաբական բակերու Լիուաններուն վրայ, նիրհած վիճակով, մերձակայ ճաշարաններէն յուշիկ սազող՝ արաբական Հալէպեան Քտուտ-ի խազերով կ’օրօրուին Ապու Նաուասեան արծաթեայ ոգելից գաւաթներու շաչիւնով, Հարուն ալ-Ռաշիտի գինարբուքի «Հազար Ու Մէկ Գիշեր»-ները յիշեցնող ցնծութեամբ:
Սիս ճաշարանի հիւրընկալ բազմոցներուն վրայ հանգչելով մտքէս կը կրկնէի Վ. Թոթովենցի դառնութիւն արտայայտող այս տողերը.
…Ես Ատլանտեան ափունքէն,
Մեծափարթամ Ոստանի մը խորերէն
Կը բերեմ այս բաժակն թափուր ու օտար
Եւ թերեւս քու գինիիդ սուրբ հպումին անարժան։
Ափսո՜ս… յիշատակներս այս ձեւով մխալով, այդ պերճանքը կրկին վայելելու եւ վերապրելու հնարաւորութիւնը պիտի չպարգեւեն: Քաղաքացիական պատերազմը այդ ծաղկուն թաղամասերը վերածեց Հիրոշիմայի: Պատերազմի առթած աղէտին ահաւորութիւնը  փոշիի վերածեց  պատմական օճախները եւ յօդս ցնդեցուց հինաւուրց, նախանձելի փարթամ կառոյցները:
Շալիկօ Զօրեանի հետեւեալ չափածոն լաւագոյնս կ’արտայայտէ տենչանքս, որ գուցէ օր մը կրկին ապրելու բախտը կ’ունենանք.
Ափ մը մոխիր մեր թոնիրի կրակէն՝
Կ’ուզեմ նորից կրակներս ճարակեն,
Ափ մը յուշեր ապրած կեանքի օրերէն,
Ափ մը կարօտ՝ պապենական սէրերէն:
Ափ մը շիկնանք՝ մեր թոնիրի շուրթերէն,
Գերող կանչ մը՝ մեր լաւաշի բոյրերէն,
Գերդաստանի նիստ ու կացի պատկերէն,
Պապ ու տատի խորհուրդներէն տարտերէն…
Վերջապէս Նորգիւղը դարձաւ հալէպահայութեան հայակերտման միջնաբերդը, իսկ Ճիտէտիէն ու Սալիպէն դարձան անոր կենսունակ, բուրումնաւէտ, ամրակուռ, լրացուցիչ օղակը, սատարելով հայ մշակոյթի ծաղկումին, արհեստներու զարգացումին, ոսկեղնիկի հարստացումին, որպէս հայկական դպրութեան պահպանման ապահով աւանդատուն:
Ժան Հալլաճեան