Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ ստանձնեց Հասան Ահմէտ Սուլէյման ալ-Շըհհի հաւատարմագիրը, որպէս Սուրիոյ Հանրապետութեան մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու լիազօր դեսպան։

2018-ին, Դամասկոսի մէջ Էմիրութիւններու դեսպանատան փակումէն ի վեր, դեսպանատան աշխատանքները ստանձնած էր ժամանակաւոր հաւատարմատար, խորհրդատու Ապտըլ Հաքիմ ալ-Նաաէմին։

2011-էն ի վեր Շըհհի առաջինն է, որ կը ստանձնէ Դամասկոսի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանի պաշտօնը։