Սուրիոյ կառավարութիւնը համաձայնեցաւ Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան առաջարկին՝ երկրորդականի «պաքալորիա»-ի պետական քննութիւններու հարցարաններու թուայնացուած տարբերակը յետաձգելու 2024-2025 տարեշրջանի, իսկ 2023-2024 տարեշրջանի երկրորդականի պետական քննութիւններուն հարցարանները պիտի շարունակուին հին ծրագիրին համաձայն, գրաւոր ձեւով։