Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղ Իրանի ներքին գործոց նախարարի ոստիկանական եւ ապահովական հարցերու օգնական Մաճիտ Միր Ահմատիի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ հանդիպում ունեցաւ։
Սապպաղ շեշտեց կողմերուն  պատմական յարաբերութեան խորութիւնը, յատկապէս Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ընթացքին։
Սապպաղ յայտնեց, որ Սուրիա եւ Իրան ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ դաւադրական գործողութիւններու կ’ենթարկուին, սակայն անոնք կը շարունակեն դիմադրել անոնց։ Ան դիտել տուաւ, որ Պաղեստինի դատին աջակցելու հարցով Սուրիոյ եւ Իրանի կեցուածքը միասնական է։
Իր կարգին Իրանի ներքին գործոց նախարարի օգնականը բարձրօրէն գնահատեց Սուրիոյ զօրակցութիւնը Իրանին՝ իրանեան իսլամական յեղափոխութեան սկիզբէն, շեշտելով երկու երկիրներուն տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։