Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ Սուրիոյ նահատակներուն, ծանր վիրաւորներուն եւ անյայտ կորածներու զաւակներուն աշակերտական վարկ պիտի տրամադրէ առանց տոկոսադրոյթի, որպէսզի անձնական համակարգիչ ապահովեն։

Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ Նախագահ Ասատին Սուրիոյ նահատակներուն, վիրաւորներուն եւ անյայտ կորածներուն զաւակներուն ցուցաբերած օգնութիւններուն լոյսին տակ, աշակերտական վարկ պիտի տրամադրէ յիշեալ պարագաներէն անոնց, որոնք իրենց համալսարանական ուսումը կը շարունակեն Սուրիոյ պետական կամ անձնական համալսարաններէն կամ հիմնարկներէն ներս, յատկապէս այն ճիւղերուն պարագային, որոնք կը պահանջեն անձնական համակարգիչ։

Վարկը 7 միլիոն ս.ո. է, 1 անգամ իրենց ուսումնական կեանքի ընթացքին, ամսական 10․000 ս.ո. փոխատուութեան պայմանով։