Հայաստանեան լուրերը կրկին ահազանգային են: Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը, իրենց կողմէ գրաւուած հայկական բարձունքներէն կրակ բացած են Ներքին Հանդի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հայկական կողմը ունի չորս զոհ եւ մէկ վիրաւոր: Պատրուակը ատրպէյճանցի զինուորի մը վիրաւորումն է Կապանի շրջանին մէջ, ենթադրաբար Հայաստանի կողմէ եղած կրակոցի մը հետեւանքով:
Բանակցութիւններու լծուած երկու երկիրներու համար պատահածը արտասովոր է, որովհետեւ փոխադարձ ապահովագրումի եւ բարեկամութեան ջատագով պետութիւնները «սուրը պատեանը դրած» պէտք է ըլլան: Անգամ մը եւս կը հաստատուի, որ խաղաղութեան միակողմանի հետապնդումը չ’առաջնորդեր ճշմարիտ խաղաղութեան:
Հայկական կողմէն մեկնաբանութիւններ առայժմ չկան: Երկրորդական աստիճանի պատասխանատուի մը զգուշացումը պատահարը չծաւալելու մասին կը վկայէ վախվորած ու խեղճացած ընթացքի մը մասին:
Օր մը առաջ Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց ունէր անգլիական «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթի թղթակիցին հետ: Ուղղակի հարցումներուն պատասխանելով, Նիկոլ Փաշինեան զգուշաւոր բառերով ամփոփեց «նշաձողի իջեցումէն ետք» եւրոպական հարթակի վրայ կատարուած բանակցութիւնները եւ խաղաղութեան հասնելու իր հաստատ որոշումը: Խաղաղութիւն ամէն գնով, ո՛չ իսկ արդար խաղաղութիւն, միա՛յն խաղաղութիւն:
Ինչ խօսք, որ խաղաղութիւնը ցանկալի իրականութիւն է: Խաղաղութեան հասնելու համար զիջումներ հարկաւոր են, սակայն անոնք երկկողմանի պէտք է ըլլան: Ցարդ Հայաստանի կատարած մեծ ու փոքր զիջումներուն յաջորդած են նոր պահանջներ, անոնց ընկերացող սպառնալիքներով: Ժամանակը չէ՞ եկած արդեօք փոխելու խաղաղութիւն մուրացող խօսոյթը եւ զայն փոխարինելու իրական խաղաղութիւն պարտադրող դիրքորոշումով:
Ատրպէյճանի նախագահական արտակարգ ընտրութիւնը արեւմտեան լրատուամիջոցներուն կողմէ մեկնաբանուեցաւ իր ճիշդ բնոյթով՝ իբրեւ ընտրական խեղկատակութիւն: Բազմաթիւ հաղորդումներ կատարուեցան Ատրպէյճանի մէջ տիրող բռնապետական վարչաձեւին, քաղաքական բանտարկեալներու գոյութեան, ազատութիւններու բացակայութեան եւ յարակից հարցերու մասին: Յիշուեցան նաեւ Արցախի դէպքերը: Ատրպէյճանի ստեղծած պատկերը, իբրեւ ժողովրդավար երկիր, որ իր հողային ամբողջականութեան համար արդար պայքար կը մղէ, փուլ եկած է: Ատրպէյճան ամբողջ տարուան մը համար զրկուած է մասնակցելէ Եւրոպական խորհուրդի պատգամաւորական ժողովին: Ուշացումով, յանցաւոր ուշացումով, Արեւմուտքը կը գիտակցի ատրպէյճանական նկրտումներուն սխալին, թերեւս ալ իր աններելի կրաւորականութեան:
Ի՞նչ կը մտածէ Հայաստանի հանրութիւնը ստեղծուած անելանելի վիճակէն ազատելու մասին: Կը հաղորդուի, որ իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան նկատմամբ վստահութիւնը նուազած է: Սակայն իրենց վստահութիւնը կորսնցուցած բազմութիւնները չեն միանար ճշմարտութիւնը վաղուց քարոզող ընդդիմութեան:
Աւելի՛ն. ընդդիմութիւնը մեղաւոր կը հռչակուի… իշխանութիւններու յարատեւութեան համար: Դժգոհները շատ են, սակայն՝ տարտղնուած: Ամէն դժգոհող ունի իր ճշմարտութիւնը, կացութենէն ելքի իր պատկերացումը, զոր կը նկատէ բացարձակ, միակ կարելին: Չեն միանար բողոքին, սակայն կը դատապարտեն անոր ձախողումը: Երբ ցոյց ու հաւաք կայ, կը քննադատեն անոնց կայացումը, երբ դադարին ցոյցերը, կը քննադատեն անոնց բացակայութիւնը:
Հայաստանեան քաղաքական թատերաբեմը հիմնական վերանայման կարիք ունի: Որպէսզի դադրին կրակոցները, որպէսզի չարձանագրուին անմեղ զոհեր, մտայնութիւններու, վարքագիծի, ժողովրդավարական ըմբռնումի հիմնական ու արմատական փոփոխութիւն պէտք է ըլլայ:
Սպասուող փոփոխութիւնը մտքերու հոլովոյթ կ’ենթադրէ, ենթակայական է, ազգին ու հայրենիքին լինելիութեան կ’առնչուի: Զայն հրապարակելու ու ժողովրդականացնելու գործը բանական ճիգ կը պահանջէ ու յատուկ է մտաւորականութեան:
Մտաւորականութիւնը ըսելիք ու ընելիք ունի: Սպասումը առկայ է. փաստը վկայող մտաւորականներէն մէկուն՝ Գագիկ Գինոսեանի կանխահաս մահուան առթած յուզումը եւ յուղարկաւորութեան մասնակից մարդկային հեղեղը:
Տիգրան Ճինպաշեան