Մեմլուքներ կոչուած են ստրուկ գերիները, որոնք կը ծախուէին կամ որպէս նուէր կը շնորհուէին իշխող աւագանիին: Այս ստեղծուած է արաբական Աբբասեան շրջանին՝ ութերորդ դարուն. ամրապնդելու Իսլամական Պետութիւնը։ Գերիները որոշ ուսուցումէ մը ետք (կռուի արուեստ եւ իսլամական կրօնք) կը տրամադրուէին  ծառայելու բանակին, պետական պաշտօններուն  եւ սպասարկելու իշխող աւագանիին: Մեմլուքները բաղկացած են մանուկ կամ անչափահաս ճորտերէ, որոնք ընդհանրապէս թուրք, մոնկոլ, չերքէզ, քիւրտ, վրացի, հայ, սիրեաք եւ ղպտի ազգեր էին: Մեմլուքներու գոյութիւնը շարունակուած է մինչեւ 1517 թուական, իսկ օսմանցիներու մօտ շարունակուած է «ենիչերիներ» անուանակոչութեամբ,  մինչեւ 18-րդ դարու վերջաւորութիւն:
Մեմլուքներու փաղանգին կը պատկանի … Ռուստամ Ռազա հայորդին։
Հօրենական անունով Յովնան Խաչատուրեան ծնած է Թիֆլիս 1782-ին, արցախցի ծնողքէ։ Ունեցած է երկու եղբայր եւ երկու քոյր, 1795-ին, երբ 13 տարեկան էր, ընտանիքին հետ ճամբորդած մէկ պահուն կը հանդիպի  աւազակախումբի մը, որ կը սպանէ քոյրը եւ զինք գերի կը վերցնէ: Այդուհետեւ Յովնան քանի մը անգամ ծախուելէ ետք, 1797-ին, Իսթանպուլի մէջ կը վաճառուի Սալէհ Պայ եգիպտացի կառավարիչի մը եւ կը կոչուի Ռիտա Ռոստոմ։ Ան կը ծառայէ կառավարիչի հեծելազօրքին մէջ: Ապա իր տիրակալին հետ Մաքքէ ուխտի կը մեկնի, սակայն վերադարձի ժամանակ կը զուգադիպի Եգիպտոսի վրայ Նափոլիոնի արշաւանքին։ Պայ կ’ապաստանի իր բարեկամին՝ Ահմատ Փաշա ալ-Ճազզարի տունը, Աքքա, որպէս հիւր: Սակայն փաշան կը թունաւորէ իր հիւրը՝ Պայը, անհամաձայնութեան մը պատճառաւ: Ռիտա Ռոստոմ այս դէպքէն անճրկած կը փախչի Եգիպտոս եւ ծանօթի մը օգնութեամբ կ’ընդունուի Ազհարի Շէյխ Պաքրիի մօտ։ Վերջինս զինք կը նշանակէ իր մեմլուքներուն պետը: Շէյխ Պաքրի բարեկամ էր Նափոլիոնին եւ երբ Նափոլիոն կը վերադառնայ դէպի Շամ կատարած իր արշաւէն, Պաքրի կը դիմաւորէ մեծ հիւրը եւ Ռիտայի նժոյգը կը նուիրէ անոր։ Նափոլիոն շնորհակալութեամբ կ’ընդունի զայն ու կը պահանջէ երկու մեմլուք։ Ռիտա կը փափաքի ինք ըլլալ այդ ընծան, իսկ Պաքրի ընդառաջելով Ռիտայի փափաքին, 1799-ին զինք եւ Ալին կ’ընծայէ Նափոլիոնին:
Նափոլիոն առաջին օրն իսկ Ռուստամ Ռազային կը նուիրէ ոսկեզօծ սուր եւ երկու ոսկեայ հրացան։ Ռուստամ Ռազա շուտով կ’արժանանայ Նափոլիոնի համակրանքին, լիակատար վստահութեան ու բարեկամութեան։ Ան կը նշանակուի Նափոլիոնի անձնական առաջին թիկնապահը: Ռուստամ զուարթ, ժպտադէմ, նրբաճաշակ եւ լայնախոհ զինուոր մըն էր ու կեանքը ընդունած էր այնպէս ինչպէս որ է:
Ռուստամ Ռազա 15 տարի կը ծառայէ կայսեր, կը դառնայ անոր անբաժան շուքը. ան ներկայ էր կայսեր բոլոր հանդիպումներուն, հանդէսներուն, անոր կողքին էր բոլոր արշաւանքներուն ընթացքին՝ Սպանիա, Իտալիա, Եւրոպա, Ռուսիա.  օրական կը սափրէր կայսրը, կը պատրաստէր հագուստները, զէնքերը, կը մտահոգուէր կայսեր ուտելիքով եւ լքելով իր խուցը նոյնիսկ կը քնանար կայսեր առանձնասենեակի դրան առջեւ, որպէս պահապան հսկիչ:
Կը խօսէր ֆրանսերէն, արաբերէն եւ թրքերէն։ Նրբաճաշակ էր իր արեւելեան տարազով (կարմիր ֆէս, փաթթոց, զարդարուած շապիկ, շարուալ, մէջքի կապ, կաշիէ գօտի, դաշոյն, սուր եւ զոյգ հրացաններ):
 Իր տարազով, վարք ու բարքով կը հմայէր ֆրանսացի ժողովուրդը եւ Եւրոպայի գրեթէ բոլոր իշխանական տուները, կը հրապուրէր նոյնիսկ իշխանուհիները:
Նոյնիսկ Ճոզէֆին՝ Նափոլիոնի կինը, հմայուած էր Ռուստամով. 1806-ին Օսդր-Լիդզի արշաւանքէն ետք, Ճոզէֆին Ռուստամը կ’ամուսնացնէ իր առաջին չինացի սպասուհիին աղջկան՝ Ալեքսանտրա Տոֆիլի հետ։ Ռուստամ կը կազմէ իր ընտանեկան բոյնը, կ’ունենայ երկու զաւակ՝ տղայ մը, որ կը մահանայ, ու աղջիկ մը, որ ապագային կ’ամուսնանայ ֆրանսացի վաճառականի մը հետ:
Ռուստամ իր ներկայութեամբ կը դառնայ հայ տիպարին դեսպանը Եւրոպայի մէջ։ Նափոլիոնի հետ զրուցած պահուն Ռուստամի խորհուրդը ի նպաստ իր ազգին կը ծորէր։ Այս առնչութեամբ շատ դէպքեր յիշուած են, ինչպէս օրինակ՝ Մխիթարեան Միաբանութեան գոյութիւնը, կամ Ռուսիա արշաւանքին ընթացքին երբ Նափոլիոն Մոսկուան այրելու հրաման արձակեց, Ռուստամ խորհուրդ տուաւ անոր ըսելով, որ լաւ կ’ըլլայ որ Նափոլիոն հայկական թաղամաս քաշուի՝ պաշտպանուելու կրակի ալիքներէն:
1814-ին, Նափոլիոնի թունաւորման ձախող փորձէն ետք, կ’որոշէ չհետեւիլ տիրակալին դէպի Էլպա կղզին, պատճառաբանելով թէ չ’ուզեր ամբաստանուիլ, որպէս իր տիրակալը թունաւորող: Եւ երբ Նափոլիոն ծածուկ կերպով կը վերադառնայ, իսկոյն ինքզինք կը տրամադրէ Նափոլիոնի ծառայութեան, սակայն այս անգամ տիրակալը կը մերժէ զայն:
1814-ին, Նափոլիոնի աքսորէն ետք, ան իր խնայած գումարով կնոջ եւ աղջկան համար տուն մը կը գնէ կնոջ ծննդավայրէն՝ Տուրտան / Էսսոնէն, Ֆրանսա։ Այնուհետեւ կ’անցնի Իրան, ապա Թիֆլիս. Ռուստամ իզուր կը փնտռէ ծնողքը, քոյրը եւ եղբայրները: Զինք կը դիմաւորէ Կովկասի կառավարիչը՝ Ալեքս Երմոլովը եւ  կը նշանակէ իր հեծելազօրքին պետը։ 1826 – 1828-ին կը մասնակցի ռուս-պարսկական պատերազմին, կ’ազատագրէ Արցախը եւ մինչեւ 1840 կը մնայ Շուշի, որմէ ետք վերադառնալով Տուրտան, իր մնացած օրերը կ’անցընէ ընտանիքին հետ: Կը մահանայ 1845-ին, Տուրտան։ Շիրիմը, որուն վրայ արձանագրուած է «Աստ Հանգչի Նափոլիոնի մեմլուք, անձնական առաջին թիկնապահ Ռուստամ Ռազա»,  մինչեւ օրս կը մնայ այնտեղ:
Ռուստամ իր վերջին օրերուն կը գրէ յուշերը եւ կ’ամփոփէ գիրքի մը մէջ՝ «Նափոլիոնի Առաջին Մեմլուքին Յուշագրութիւնը» խորագրով, որ կը հրատարակուի 1888-ին եւ կը նկատուի նափոլիոնական գրականութեան հազուագիւտ գործերէն մէկը:  Իր օրուան նկարիչները, արուեստագէտները շատ կը փափաքէին եւ կը ջանային իր դիմանկարը կամ անձը գծել, սակայն չէին հասներ իրեն։ Իր դիմանկարը կը գտնուէր միայն ամբողջական նկարներու ընդմէջէն։ Ան յիշատակուած է Թոլսթոյի «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» վէպին եւ Պալզաքի «Իր Գործը Կասկածելի Էր» աշխատութեան մէջ:
Այսօր, երբ կը փորձենք հետեւիլ այս վաստակաւոր մեմլուքի հետքերուն. կը գտնենք Ռուստամի թորան որդին՝ Էտմոն Ռոսթան (1868 – 1918), ֆրանսացի հանրածանօթ ակադեմական գրող եւ հեղինակ եւ անոր զաւակները՝ Մորիս եւ Ժան, մին՝ վիպասան ու բանաստեղծ, միւսը՝ գիտնական, գրող եւ հեղինակ բազմաթիւ արժէքաւոր հատորներու:
Ճրտրգ. Կարպիս Մինասեան
Աղբիւրներ՝
Ֆրանսական արխիւներ
Անգլիական հանրագիտարաններ
Արաբական մամուլ
«Հերկ եւ Բերք», Լեւոն Շառոյեան