(Ա. ՄԱՍ)

«Հալէպի Ողբերգութիւն»-ը մեծաչափ, գունազարդ լուսանկարներով, որակաւոր տպագրութեամբ հատորի մը խորագիրն է, հրատարակուած 2017-ին՝ լեհերէնով, 206 էջի ծաւալով։
Անդրանիկ տղաս՝ Գէորգը, այս գիրքը գնած էր Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հալէպի հետ առնչուած նիւթի մասին իր աւարտաճառի պատրաստութեան համար։
Գէորգ, Սուրիոյ ահարկու պատերազմի ցաւալի մրմուռը համտեսած էր՝ տեսնելով իր ընտանիքի, ծնողներու եւ նախնիներու բնակած շէնքին ամբողջութեամբ փուլ գալը, սուրիական զօրքերուն ընդդէմ ահաբեկչական եւ ընդդիմադիր խմբաւորումներու առճակատումներուն եւ պայթումներուն հետեւանքով։ Գէորգ 12 տարեկան դեռատի պատանի մըն էր, երբ Հալէպէն հեռացաւ միլիոնաւոր տնանկ մնացած սուրիացիներու նման։
Հոգետանջ ողբերգութիւն մըն էր՝ տխրութեան կեղեքիչ զգացում, երբ ապրած շէնքիդ փլատակներուն տակ անդարձ կը թաղուէին տոհմական Սասունէն, Խարբերդէն, Այնթապէն  բերուած կալուածներու, ինչքերու սեփականատիրութեան վկայագրեր, կրթութեան վկայականներ, տասնիններորդ դարու պատկանող Աստուածաշունչեր: Նուազագոյն երեք սերունդներէ  ժառանգուած հայ մշակոյթի պատկանող նիւթեղէն մասունքներ, բազմալեզու, բազմահազար գիրքեր, պատմական տարբեր սրբութիւններ, Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ երկար տարիներով խնամքով պահուած փշրանքներ, օրհնաբեր պատառիկներ, ինչե՜ր կարելի է յիշել ու վերյիշել։
Ճիշդ է որ յիշողութիւնը, վերյիշումը երբեմն տանջող են, բայց միշտ ալ սփիւռքահայուն համար հաւաքական վերյիշումը ընկալուած է որպէս անցեալի վերակառուցումը։  Հայու յիշողութեան մշակոյթը՝ մշակութաբանութիւնը (Cultural anthopology), ընդունուած է որպէս ո՛չ միայն ինքնութեան հիմնական բաղադրիչներէն մին, այլեւ՝ ինքնութիւնը ինքնին։
Պարտադրուած բռնի տեղահանութեան նման, նախնիներու ճակատագրի կրկնութիւնն էր՝ բռնագաղթի անորոշ խաչմերուկին դիմաց կանգնողի հրամայական որոշում մը։ Հարազատ ծննդավայրէն, ենթահողէն հեռանալու անբեկանելի ընտրանքին դէմ յանդիման, ընտանեօք պարտադրաբար Հոկտեմբեր 2012-ին հեռացած էինք ծննդավայր Հալէպէն։ Մէկ կողմէ համտեսելով առեւանգումի եւ սպանութեան սպառնալիքի անողորմ ազդարարութիւնը՝ «Դուք հայերդ պետական իշխանութեան թիկունքին էք, պետութեան կողմնակից էք» մեղադրանքով։ Հայերը միշտ ալ կը մեղադրուին ոչ միայն իշխանամէտ ըլլալու, այլ նոյնիսկ՝ չէզոքութեան համար։ Իսկ դաժանագոյնը՝ ետին թողլով քարուքանդ մեր բնակարանի, շէնքի քարակոյտը եւ սեփական այլ կալուածներ՝ որոնք դժբախտաբար մինչեւ այսօր սուրիական պետական գերիշխանութեան սահմաններէն հեռու են՝ չեն վայելեր Սուրիական պետական ինքնիշխանութեան ներկայութիւնը։ Հոգիս կ’ալեկոծի, երբ վերյիշեմ ետիս թողած հիմնովին տապալուած մեր ապրած շէնքին աւերակները։
Մենք, ինչպէս նաեւ հազարաւոր հալէպահայեր, սուրիահայեր տարանցիկ կանգառներով, երամ-երամ դէպի վերջնական կանգառներ անվերադարձ հեռացանք, իմա՝ արտագաղթեցինք, ընդլայնելով հայ Սփիւռք կոչուած թնճուկին տարածքն ու խորութիւնը։ Ինքնայօժար հեռացում մը չէր, բայց երազային Հալէպի տպաւորութիւնները, մեր ծնողներուն, նախնիներուն հոն ապրուած անջնջելի յիշատակները՝ վստահաբար քանդակուած ու առկայծ կը մնան իբրեւ խորտակուած երազներ մեր յիշողութեան կայծկլտուքին մէջ, եւ իբրեւ սեփականը կորսնցուցած մեր  հոգեխոց (trauma) մորմոքի ենթագիտակցութեան մէջ:
Ճակատագրի դաժան ընկճախտը (depression), հարկադրիչ այս անկիւնադարձը մեր հոգիներուն մէջ պիտի մնայ, ծննդավայրի հանդէպ իբրեւ ճնշող կարօտախտ մը, քօղարկուած մշտայուշ վիշտ մը։
Գէորգ ծննդավայրի իր կարօտն ու գուրգուրոտ հոգատարութիւնը խտացուցած էր վերոյիշեալ գիրքի ինքնախօս լուսանկարներու յարակցութեան մէջ, երբ գնած գիրքը ներկայացուց ըսելով՝ «Հայրի՛կ, տե՛ս մեր սիրելի Հալէպին առնչուող վաւերագրական լուսանկարներու ինչպիսի գիրք մը հրատարակուած է»։
Ծանօթագրութեան կարգով կարելի է յայտնել, որ գիրքի լեհ համահեղինակ՝ Ատամ Պուեաք, արհեստավարժ եւ հանրածանօթ ռազմական, ճակատամարտերու, խիզախ, միջազգային լուսանկարիչ մըն է, արկածախնդրութիւնը յանձն առած, տագնապի ու աղէտալի պայմաններու մէջ, մանաւանդ Հալէպի ամէնէն բռնկուն եւ դժոխային տարիներու սարսափելի իրավիճակները իր ոսպնեակով վաւերագրելու՝ տագնապի անողորմ գոյավիճակը լուսանկարներով ամրագրելու ծրագիրով Սուրիա եկած էր, երբ բազմահազար տեղացիներ երկնառաք մոգական փրկութեան հնարքներ կը փնտռէին, երկրին մէջ աւելի ապահով շրջաններ տեղափոխուելու եւ անվտանգ ապրելու նպատակով հեռաւոր, խաղաղ երկիրներ արտագաղթելով, նոյնիսկ իբրեւ գաղթականներ, տեղահանուածներ, փախստականներ կամ այլ որակումներով։
Տագնապի առաջին օրերուն Սուրիոյ հայ համայնքի մէջ, այն հաստատ համոզումը կար, որ օրերու, շաբաթներու, առաւելագոյն մէկ երկու ամսուան մէջ կ’աւարտի ընդդիմութիւններու, պոռթկումներու, պատերազմական ահ ու դոհի իրավիճակը։ Սակայն մեր Սփիւռքի պատմութեան բովերու պճեղ մը ծանօթութիւնը, տեղւոյն եւ շրջանի հետ աշխարհաքաղաքական առողջ վերլուծումը, վտանգին եւ սպառնալիքներուն չափի սահմանները, յետպատերազմեան տնտեսական հետեւանքներու ողջամիտ եւ հեռատես արժեւորումը բաւարար էին հասկնալու եւ արդարացնելու արտագաղթողներու պատճառաբանութիւնը։
Վերոնշեալ գիրքին խմբագիրն է հոգեւորական՝ փրոֆ. հայր Վալտեմար Չիսլոն։ Քանիցս Սուրիա այցելած այս լեհ հոգեւորականի կենսագրականը կարելի է խտացնել, որ օգնութեան հասնելու՝ «Կարիքաւոր Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» ծրագրի այս ղեկավարը, իր ներգործութեամբ պահ մը մեզ կը յիշեցնէ, կամ զայն կարելի է նմանցնել քսաներորդ դարու Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին յաւէտ յիշատակութեան արժանի մարդասէր հրեշտակներուն, անմոռանալի դանիացի ու սքանտինաւիացի միսիոնարուհիներուն, որոնք հասած էին աղէտեալ վայրեր եւ իրենց մարդասիրական օժանդակութիւնն ու նիւթական կարելիութիւնները ի սպաս դրած էին հայութեան, իրենց նմաններուն հանդէպ անգնահատելի բարեգործութիւններով ու գործնական երախտարժան մասնակցութեամբ։
Վերոյիշեալ լեհ հոգեւորականը, ծանօթ է Միջին Արեւելքի մէջ՝ Իրաք, Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան եւ այլուր։ Կենաց եւ մահու տագնապներու, անհրաժեշտ կարիքի մէջ գտնուող քրիստոնեայ հաւաքականութիւններու հանդէպ իր մարդասիրական անխոնջ պատրաստակամութեամբ, անսահման իր օգնութիւնները հասցուցած է վերոյիշեալ երկիրներու տառապեալներուն։ Կարելի է վկայել նաեւ, որ Լեհաստանի տարբեր յարանուանութիւններու պատկանող եկեղեցիներու մէջ, համալսարաններու, հանրային կեդրոններու, կայարաններու եւ պետական զանազան հաստատութիւններու, կառոյցներու մէջ յատուկ տուփիկներով, գանձանակներով «Հալէպի Համար» խորագրեալ նիւթական հանգանակութիւններ կազմակերպելու արշաւին լծուած այս հոգեւորականի ընթացքին մասին։
Հաւաքուած գումարները օգնութեան շիթեր էին պատերազմի տարիներուն ու տակաւին կը շարունակուին այսօր ալ տեղացի տառապեալներուն համար։ Իր քարոզչական աշխատանքով, հանգանակութիւններով, նուիրատուութիւններու հաւաքներով, հարցազրոյցներով օրինակելի բարեսէր մըն է կարիքաւորներուն, իր նուիրուածութեամբ, օգնութեամբ եւ ծառայութեամբ։ Ի վերջոյ ո՞վ չի վկայեր կամ չի հաստատեր  հանրածանօթ «Լեհաստանի Քարիթաս»-ի բարեսիրական ու հոգատար բարեգործութիւնները, ծառայութիւնները Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, որուն գլխաւոր դերակատարներէն մին է յիշեալ հոգեւորականը։ Խորապէս ըմբռնելի ու համոզիչ է, նման հայրենասէր լեհ հոգեւորականի մը կողմէ քրիստոնէավայել մարդասիրական օժանդակութեան մղիչ խանդը, օգնութեան կամքը։
Հասկնալի են նաեւ, Լեհաստանի դէմ գերմանական եւ Խորհրդային Սովետական Միութեան զօրքերու կողմէ բարբարոսութիւնները, անմարդկային եւ գարշելի բռնագրաւումները, չարչարանքները համտեսող լեհ ազգի զաւկի մը  համար։
Միւս կողմէ, 2010-էն սկսեալ, ժողովրդավարութեան կեղծ ու խաբուսիկ լոզունգի պատրանքներով սկսած միջազգային շահերու բախումները եւ փոխադարձաբար զիրար վերացնելու նպատակով  Միջին Արեւելքի մէջ նոյն միջազգային սադրիչ որոմնացաններու նենգաբարոյ դաւադրութեամբ բոցավառող «Արաբական գարուն» անուանեալ հրէշային պատուհասը, իրենց քանդիչ ու թունաւոր ծիլերը կը փորձէին ծաղկեցնել, հասնելով Սուրիա Մարտ 2011-ին, այդ պատճառով մեծ թիւով  գաղթականներու հսկայ ալիք մը կ’աշխուժանար դէպի Եւրոպա, անոր մէջ ըլլալով ստուար թիւով քրիստոնեաներ, հայեր։
2015-էն սկսեալ, Լեհաստանի պետութեան այդ ժամանակաշրջանի քաղաքական իշխանութեան յստակ դիրքորոշումն ու հաստատակամ որոշումն էր՝
1) Մենք գաղթականներ չենք ընդունիր, բայց երբեք պիտի չզլանանք մեր նիւթաբարոյական օգնութիւնները հասցնել այդ երկիրներուն մէջ բոլոր տառապեալներուն,
2) Օժանդակել քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն՝ չհեռացնելու զիրենք իրենց հաստատուած բնակավայրերէն ու արմատացած բնօրրանէն, պահելու համար անոնց դարաւոր քրիստոնէական դիմագիծը,
3) Օժանդակել՝  չլքելու քրիստոնէական բազմադարեայ մշակութային եւ կրօնաբարոյական ստեղծագործութիւններու ժառանգութիւնը, եկեղեցիները, վանքերը, հաստատութիւնները։
Բնականաբար հոս կարելի չէ մոռնալ եւ բարձր պէտք է գնահատել թէ՛ հայ Սփիւռքի զանազան միաւորներու եւ թէ՛ Հայրենիքի վիթխարի օժանդակութիւնները, որոնք միջոց ու դարման հանդիսացան ազգակից սուրիահայութեան։
(Շար. 1)
Փրոֆ.Արա Սայեղ