Կրթական ոլորտ
1922-ին հիմնուած Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբ. Նահատակաց վարժարանը 2022-ին բոլորեց իր հարիւրամեակը եւ վերանորոգ կամքով ու հաւատքով թեւակոխեց նոր դարեշրջան:
Ըլլալով գաղութի ուսումնակրթական միակ ազգային հաստատութիւնը, Ազգ. Սրբ. Նահատակաց վարժարանը դար մը ամբողջ դիմագրաւած է տնտեսական, ընկերային եւ կրթական զանազան մարտահըրաւէրներ, սակայն կառչած մնալով իր առաքելութեան՝ ուսման եւ գիտութեան կողքին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբած է սերունդներուն, դառնալով հայակերտման եւ մարդակերտման ամրակուռ օճախ:
2023-2024 տարեշրջանին, վարժարանին աշակերտութեան ընդհանուր թիւն է 292 աշակերտ՝ (185-ը՝ հայ) 48 մանկապարտէզի, 162 նախակրթարանի եւ 82 միջնակարգի աշակերտներ: Ուսուցչական կազմը կը հաշուէ 38 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ (31-ը՝ հայ) եւ 6 ծառայողական պաշտօնեաներ։ Վարժարանի տնօրէնուհին է՝ Հուրի Տէիրմէնճեան-Գարամարտեան:
Վարժարանի աշակերտութեան թուական պատկերը փոփոխական եղած է եւ երբեմն նոյնիսկ աճ արձանագրած՝ յատկապէս վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական վիճակին բերումով մեծաթիւ հայ ընտանիքներու Լաթաքիա հաստատուելուն բերումով:
Վարժարանը օժտուած է համալսարանաւարտ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներով: Հոգաբարձական իրարայաջորդ կազմերու ջանքերով միջնակարգի դասարաններուն համար կ’ապահովուին Լաթաքիոյ լաւագոյն ուսուցիչները, որոնք կը դասաւանդեն այցելու ուսուցիչի դրութեամբ: Պէտք է մատնանշել, որ միջնակարգի աշակերտները պատուաբեր արդիւնքներ կ’արձանագրեն պետական քննութիւններուն, ինչ որ լաւագոյն ապացոյցն է դպրոցի կրթական գնահատելի մակարդակին:
Հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան կողմէ յատուկ հոգատարութիւն կը վայելէ Հայերէն լեզուի ուսուցման պարագան: Նախակրթարանի եւ միջնակարգի մէջ կը կիրարկուի Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի ուղեգիծը, կ’օգտագործուի պրն. Յակոբ Չոլաքեանի պատրաստած «Հայերէնի Դասագիրքս» եւ «Անդաստան» հայերէն դասագիրքերու շարքը: Իսկ արաբախօս հայ աշակերտներուն համար հայերէնի դասապահերուն զուգընթաց հայերէն լեզուի դասեր կը տրուին յատուկ ուսուցչուհիի միջոցաւ: Վիճակացոյցներու բաշխման ընթացքին, գնահատագիր կը տրուի նախակրթարանի եւ միջնակարգի հայերէն լեզուի գերազանց արդիւնք արձանագրող աշակերտներուն: Անոնք
յատկանշական նուէրներով կը պարգեւատրուին նաեւ Վարդանանց տօնին առիթով:
2022-2023 տարեշրջանին, վարժարանը մեծ շուքով ոգեկոչեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը: Այս տարեշրջանը բնորոշուեցաւ մեծ իրագործումներով: Վարժարանի շրջափակին եւ բոլոր դասարաններուն մէջ զետեղուեցան կեդրոնական համակարգով աշխատող լուսանկարչական սարքաւորումներ, ինչպէս նաեւ վարժարանը օժտուեցաւ դասաւանդման արդիական միջոցներով (բարձրախօս եւ ցուցադրութեան յատուկ սարք): Իսկ վարժարանի ելեկտրականութեան տագնապը լուծելու համար, զետեղուեցաւ արեւային ելեկտրածին համակարգ: Հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան ջանքերուն շնորհիւ հրատարակուեցաւ Յուշամատեան մը, վարժարանի 100-ամեայ արխիւները պահպանելու եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու հեռանկարով: Յուշամատեանի խմբագրութեան աշխատանքը յանձնուեցաւ դոկտ. Շողիկ Աշըգեանին, իսկ արխիւները մէկտեղելու աշխատանքը՝ շրջանաւարտ սերունդներէ կազմուած արխիւային յանձնախումբին:
Հաւաքական երկարատեւ եւ տքնաջան աշխատանքէ ետք, լոյս տեսաւ հարուստ բովանդակութեամբ Յուշամատեանը, որ վաճառուեցաւ Յոբելենական հանդիսութեան աւարտին: Մեծ խանդավառութեամբ եւ յաջողութեամբ ընթացան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները՝ ամավերջի հանդէսներ, 100-ամեակի յատուկ նշանակի(logo)-ի պատրաստութիւն, քերմէս եւ պարահանդէս: Ինչպէս նաեւ պատրաստուեցաւ կարճ վաւերագրական տեսերիզ մը, համագործակցութեամբ Լաթաքիոյ մէջ «Հորիզոն» կայքի թղթակիցին: Յիշեալ ձեռնարկները եզրափակուեցան 100-ամեակի Յոբելենական հանդիսութեամբ եւ արխիւային ցուցահանդէսով, որոնք տեղի ունեցան 12 Մայիս 2023-ին, բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի, մեծարգոյ հիւրերու եւ հոծ բազմութեան: Շքեղ հանդիսութեան աւարտին, ընթերցուեցաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին այս առիթով վարժարանին յղած հայրապետական սրբատառ կոնդակը, պարգեւատրուեցաւ վարժարանիս տնօրէնուհին եւ կատարուեցաւ Յուշամատեանի գինեձօն:
Տարիներու հետապնդուած ծրագիր է վարժարանէն ներս գրադարանի մը հաստատումը: Այս տարեշրջանին, հոգաբարձութիւնը հետամուտ է սոյն ծրագրի գործադրութեան: Ընթացքի մէջ է նաեւ վարժարանին անձնական փոխադրամիջոց (օթօքար) ապահովելու աշխատանքը:
Ազգային դիմագիծի պահպանման ծիրէն ներս, մտահոգիչ երեւոյթ է վարժարանի շրջափակէն ներս աշակերտներու կողմէ մայրենի լեզուի գործածութեան նուազումի պարագան, որուն յաղթահարման համար կը տարուի բծախնդիր աշխատանք: Մտահոգիչ է նաեւ, 2011-էն սկսեալ երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապին հետեւանքով վարժարանի հայ աշակերտներու նկատելի թիւով զանգուածի մը կրթաթոշակները չվճարելու հարցը: Արդ, հոգաբարձութիւնը յաւելեալ ջանքերով կը ձգտի հաւասարակշռել վարժարանի տարեկան պիւտճէն, միաժամանակ հոգալով լայնածաւալ ծախսերը եւ լաւագոյնս պահելով ուսումնական մակարդակը:
Ի վերջոյ, վարժարանի գլխաւոր մտահոգութիւնը եղած է ու կը մնայ երկրորդական կարգերու չգոյութեան պարագան, որուն հետեւանքով միջնակարգէն շրջանաւարտ աշակերտները իրենց երկրորդական ուսումը կը շարունակեն տեղական դպրոցներուն մէջ, շատ կանուխէն սերտ կապեր հաստատելով օտար շրջանակներու հետ, որուն ժխտական ազդեցութիւնը կը դրսեւորուի կարգ մը հայ երիտասարդներու օտար համայնքներէն ներս ունեցած գործուն ներկայութեամբ եւ շատ յաճախ անոնց կնքած օտար ամուսնութեամբ:
Հայապահպանման եւ ազգային դաստիարակութեան վսեմ նպատակներու ջատագով Ազգ. Սրբ. Նահատակաց վարժարանը իր կրթական մշակներով, կայ եւ պիտի մնայ սրբազան իր առաքելութեան նուիրեալ ջահակիրը:
Երկրչփ. Մեղրիկ Ապահունի-Մանճեան