Ռաքքայի անապատային շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման մնացորդ պայթուցիկ ականներուն հետեւանքով 14 քաղաքացի նահատակուեցաւ եւ 8 վիրաւորներ արձանագրուեցան։
Ռաքքայի նահանգապետ Ապտըլ ռազզաք Խաքիֆա ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ տեղւոյն բնակիչները Ռաքքայի անապատային շրջանին մէջ սունկ հաւաքելու ընթացքին ահաբեկիչներուն կողմէ տեղադրուած ականի մը պայթումին զոհերը դարձան։
Նախօրօք Համայի արեւելեան արուարձանին Աքրէպաթ աւանին մէջ 5 քաղաքացիներ նահատակուեցան սունկ հաւաքելու ընթացքին։