Համայի եւ Իտլիպի արուարձաններուն մէջ սուրիական բանակը վար առաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու ենթակայ բազմաթիւ անօդաչու թռչող սարքեր։
Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտարարեց, որ Համայի եւ Իտլիպի մէջ սուրիական բանակի ստորաբաժանումները վար առին ահաբեկիչներուն ենթակայ 7 անօդաչու թռչող սսրքեր, որոնք փորձեցին թիրախ դարձնել զինուորական կեդրոններ եւ շրջանի ապահով գիւղերն ու աւանները։