Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հանդիպում ունեցաւ Ռուսական Երիտասարդական Պահակագունդի Շարժումին եւ Սուրիացի Ուսանողներու Ազգային Միութեան կազմակերպած ռուս-սուրիացի երիտասարդներու բանակումի մասնակցողներուն հետ։
Նախագահը երիտասարդներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնը լոկ քաղաքականութեամբ, տնտեսութեամբ կամ զինուորական գործակցութեամբ սահմանափակուած չէ, այլեւ հասած է ընկերային եւ ժողովրդական մակարդակներու գործակցութեան՝ հիմնուելով երիտասարդութեան ներուժին վրայ, որովհետեւ երիտասարդութեամբ ապագան կը կերտուի, տալով ու երկու երկիրներու յարաբերութիւնը նոր բովանդակութիւն եւ պատկեր կը զգենու»։
Նախագահ Ասատ իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ երկու երկիրներու միացեալ ճիգերուն, ըսելով. «Մենք եւ դուք կը մնանք կառչած մեր սկզբունքներուն եւ արժանապատուութեան։ Ներկայիս կը դիմադրենք նոյն թշնամիները եւ նոյն ապատեղեկատուութիւնը։ Ուքրանիոյ մէջ նոր նացիները քաղաքացիներու վրայ կը յարձակին՝ Ռուսիան կ՚ամբաստանուի, նոյն պատկերը տեղի կ՚ունենայ Սուրիոյ մէջ»։ Այս առիթով նախագահը աւելցուց. «Եթէ նախագահ Փութին որոշում չառնէր Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմելու, Ռուսիոյ մէջ ահաբեկչութեան տարողութիւնը պիտի ընդլայնէր։ Շատեր կը հարցնեն նախագահ Փութինին, թէ ինչո՛ւ Սուրիա պատերազմական օդանաւեր կ՚ուղարկէ։ Պատասխանը այն է, որ ան, այս իսկ քայլով, նախ Ռուսիան եւ Ռուսիոյ ժողովուրդը կը պաշտպանէ»։