Նախաբան
Հայ դպրոցի դերն ու կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքին մէջ անփոխարինելի են՝ ըլլալով մարդակերտումի եւ հայակերտումի առաջին դարբնոցը:
Հայ դպրոցի կենսական նպատակներէն է հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել նորահաս սերունդներուն: Աւելին, ա՛յս է անոր առաքելութիւնը:
Քեսապի մէջ կրթական կազմակերպուած գործը սկիզբ առած է 19-րդ դարու կէսերէն, ուսումնական ու հայեցի կրթութեան բեղուն գործունէութիւն ունեցած է՝ ազգին տալով անուանի կղերականներ, բժիշկներ, ազգային գործիչներ, ուսուցիչներ եւ այլն: Անցեալի պատկերը ներկայիս փոխուած է. Ինչպէս Սուրիոյ այլ շրջաններուն մէջ, նոյնպէս Քեսապի պարագային Հայ դպրոցը լուրջ հարցականներու առջեւ կը գտնուի՝ պայմանաւորուած 2011-էն սկսած պատերազմական վիճակին բերումով եւ ապա տնտեսական տագնապի հետեւանքով յառաջացած փոփոխութիւններով: Գաղութի հայութեան թիւը զգալիօրէն նօսրացած է, որ առաջին հերթին ակներեւ է դպրոցներուն թուաքանակի անկումին ընդմէջէն: Կրթական մարզի պայմաններն ու հարցերը շրջանէ շրջան կրնան տարբեր ըլլալ, սակայն հասարակաց իրողութիւնը կը մնայ ա՛յն, որ անցեալի Հայ դպրոցը այսօր կը ներկայանայ տարբեր պատկերով՝ իր առաւելութիւններով ու թերութիւններով: Ստեղծուած է նոր իրավիճակ, որ ստեղծած է նոր հարցականներ, որոնք անհրաժեշտաբար կը պահանջեն վերատեսութեան ենթարկել նախկին որոշ պատկերացումներ, որդեգրել համապատասխան գործելակերպային մօտեցում, կատարել մասնագիտական սերտողութիւն եւ անկէ բխող արդիւնքներուն վրայ կատարել անհրաժեշտ բարեփոխութիւնները:
Քեսապի մէջ ներկայիս կը գործեն հետեւեալ հայկական վարժարանները.
ա.-Հայ Աւետարանական Միացեալ Վարժարան (Մանկապարտէզ եւ Նախակրթարան),
բ.- Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ Վարժարան (Մանկապարտէզի եւ Նախակրթարանի բաժիններով),
գ.- Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան (Մանկապարտէզէն Երկրորդական):
Կը գործէ նաեւ պետական նախակրթարան, նաեւ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարան՝ միւեւնոյն շրջափակէն ներս, երկու անջատ դպրոցաշէնքերու մէջ: Պետական Նախակրթարանի եւ Միջնակարգի մէջ հայ աշակերտ չունինք, Երկրորդականի մէջ այս տարեշրջանին կը յաճախեն 3 հայ աշակերտ-աշակերտուհիներ (Գրական բաժին):
Հայ Աւետարանական Նահատակաց Վարժարան1
(Ներկայացնող՝ Վարժարանի Տնօրէնուհի Անի Թրթռեան-Պոյմուշաքեան)*
«Համաշխարհայնացման եւ ճարտարագիտական նորարարութիւններու հոսանքին դէմ՝ հոգեւոր կրթութիւնը կը մնայ առաջնայինը»:
Պատմական Ակնարկ
1852-ին խումբ մը հաւատացեալներու ջանքերով, դժուար պայմաններու մէջ հիմը կը դրուի Քեսապի Հայ Աւետ.վարժարանին, որուն կառուցումէն մէկ տարի ետք, 1853-ին, կը հիմնուի Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցին:
1852-ին քսան աշակերտներէ բաղկացած այս դպրոցը ներկայիս բնաշխարհի մէջ գտնուող Հայ Աւետարանական համայնքի հնագոյն դպրոցն է:
1857-ին՝ այր ու կին, չափահաս եւ մանուկ՝ թիւով 251, վարժարանին աշակերտութեան մաս կազմած են: վարժարանը ունեցած է տղոց եւ աղջկանց անջատ դպրոցաշէնքեր:
1908-ին դպրոցի աղջկանց բաժինը օժտուած է գիշերօթիկի բաժինով եւ դպրոցը վերածուած է բարձրագոյն վարժարանի: Իսկ մանչերու վարժարանը՝ 1874-1884-ի միջեւ վերածուած է միջնակարգի:
1908-ին աշակերտութեան թիւը հասած է 472-ի: 1909-ի ջարդերուն, թուրքերը քանդած ու այրած են դպրոցաշէնքերը, սակայն մէկ տարի ետք, 1910-ին վերակառուցուած են երկու դպրոցաշէնքերը:
1855-1911-ին վարժարաններուն հսկողութիւնը կատարած են ամերիկացի միսիոնարները, իսկ 1911 թուականէն՝ Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցին: Ուսուցչական կազմերու անդամները եղած են ընդհանրապէս Այնթապի Թուրքիոյ Կեդրոնական Գոլէճէն:
Վարժարանը գաղութին տուած է բազմաթիւ ուսեալ շրջանաւարտներ, ինչպէս՝ տոքթ. Սողոմոն Աբէլեան, որ 1890-ին եղած է առաջին հայ շրջանաւարտ բժիշկը Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկական դպրոցէն եւ տոքթ. Ծերոն Չիւրիքեան, որ 1908-ին եղած է ամենափոքր վկայեալ բժիշկը (21 տարեկան) Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի նոյն դպրոցէն:
1914-ին, տարագրութեան նախօրեակին, Քեսապի եւ շրջանի Հայ Աւետարանական վարժարաններու աշակերտութեան թիւը հասած է 900-ի:
Այնուհետեւ 1924-ին, տարագրութենէն ետք, վերաբացուած է մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով: Բարձրագոյն դասարանի աշակերտները իրենց ուսումը շարունակած են տեղւոյն Ուսումնասիրաց Ընկերութեան Երկրորդական վարժարանէն ներս: 1935-ին վարժարանը կը դառնայ բարձրագոյն նախակրթարան՝ ընդգրկելով 260 աշակերտ, իսկ 1942-ին կը վերածուի իննամեայ միջնակարգ վարժարանի, իսկ 1967-ին կ’ունենայ միայն մանկապարտէզ եւ նախակրթարան՝ արտագաղթի պատճառով աշակերտութեան թիւը զգալիօրէն նուազելով եւ կառավարական մակարդակով դպրոցը միջնակարգ պահելու համար բաւարար պիւտճէ չունենալուն պատճառով:
1981-1982 տարեշրջանին, Քեսապի շրջաններուն վերջին մանկապարտէզներն ալ կը փակուին ու կը միանան Քեսապի վարժարանին, որ կը վերանուանուի Քեսապի Հայ Աւետարանական Նահատակաց Միացեալ վարժարան:
1988-1990-ին վարժարանը կ’ունենայ իր նոր դպրոցաշէնքը եւ աշակերտութեան թիւը կը հասնի 125-ի:
2002-2003 տարեշրջանին, վարժարանը մեծ շուքով կը նշէ իր հիմնադրութեան 150-ամեակը: Նոյն տարեշրջանին դպրոցը կ’ունենայ 64 աշակերտ եւ դպրոցի շրջանաւարտներէն՝ 29 համալսարանական ուսանող:
1874-2023 Վարժարանը ունեցած է 20 տնօրէն՝ 17-ը պատուելի հովիւներ, 3-ը՝ աշխարհական: Ամէնէն երկար պաշտօն վարած են Վեր. Արտաշէս Գերպապեան՝ 18 եւ Անի Աբէլեան 28 տարի:
Վարժարանի Վերջին Տասնամեակի Իրավիճակը 
2014-ին, Քեսապի տեղահանութեան շրջանին, վարժարանը ենթարկուեցաւ կողոպուտի եւ նիւթական մեծ վնասներու: Սակայն նոյն տարին իսկ Հայ Աւետարանական համայնքապետին եւ Կրթական Խորհուրդին ջանքերով, բնակչութեան Քեսապ վերադառնալէն ետք, վարժարանը վերստին բացաւ իր դռները՝ նորոգուած յոյսով, հաստատուն կամքով եւ դիմագրաւելով նոր մարտահրաւէրներ: Գլխաւորը հայ աշակերտութեան թիւի նուազումն է եւ օտար (ոչ- քեսապցի) աշակերտներու թիւի աճը: Ասոնց կողքին տնտեսական ծանր պայմանները, անապահովութեան զգացողութեան շարունակումը, ժողովուրդին մօտ գալիք օրերուն նկատմամբ անորոշութիւնը եւս մարտահրաւէրներ են, առաւել կան նուազ չափով:
Տիրող պայմաններուն առընթեր վերջին տասնամեակին հայ աշակերտութեան թիւը զգալի կերպով նուազած է: Հպարտութեան առթանքի երեւոյթ է ուսուցչուհիներուն մեծամասնութեան հայ, վկայեալ եւ երիտասարդ ըլլալը, եւ որոնք յետ իրենց մասնագիտական ուսումին, վերադառնալով իրենց գիւղը, այսօր կը ծառայեն վարժարանէն ներս:
Վարժարանս կը վայելէ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքապետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հովանաւորութիւնն ու Համայնքի Կրթական Խորհուրդի նիւթաբարոյական աջակցութիւնը: Տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը համագործակցաբար կ’աշխատին իրենց լաւագոյնը ընելու՝ բարձրացնելու համար վարժարանին կրթական եւ դաստիարակչական մակարդակը՝ պատրաստելով տիպար քաղաքացիներ եւ ողջմիտ սերունդ:
Հարիւր եօթանասունմէկ տարիներու ընթացքին, Քեսապի Հայ Աւետարանական Նահատակաց Միացեալ Վարժարանը տուած է բազմաթիւ շրջանաւարտներ, որոնք յետ մասնագիտական ուսման եղած են մասնագէտներ եւ վարած են տարբեր պաշտօններ Քեսապի ու այլ գաղութներուն մէջ, ինչպէս՝ Միջին Արեւելքի, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ:
2023 – 2024 տարեշրջանին աշակերտութեան ընդհանուր թիւն է 51
– Հայ աշակերտներուն թիւը՝ 6
– Ընդհանուր ուսուցչական կազմին թիւը՝ 14
– Հայ ուսուցիչներու թիւ՝ 11
Առաւել երկու պաշտօնեաներ՝
– Օթօքարի վարիչ (հայ)
– Դպրոցի հոգատար մայրիկ (ոչ հայ)
Որպէս շրջանաւարտ մէկ աշակերտուհին այս վարժարանին եւ ապա՝ ուսուցչուհի եւ տնօրէնուհի, քսաներեք տարիներու փորձառութեամբս այսօր անգամ մը եւս պարտք կը զգամ յիշելու եւ յիշեցնելու Հայ դպրոցի գոյութեան, պատճառին եւ ընթացքին անհրաժեշտութիւնը: Հայ դպրոցը պէ՛տք է գոյատեւէ, որովհետեւ ան կարեւոր սիւներէն մէկն է հայ ազգի գոյատեւման: Հո՛ն է որ մանուկը կը կրթուի, կը դաստիարակուի, կը սորվի եւ ուսում առնելով՝ կը զարգանայ դառնալու տիպար անձ եւ տիպար հայորդի: Ինչպէս ամէն սերունդ իր ժամանակի ծնունդն է եւ պէտք է քալէ իր ժամանակին հետ՝ շրջափոխութեան օրէնքին ենթակայ, նոյնպէս մենք՝ որպէս նոր սերունդի պատկանող անձեր՝ ապրելով հանդերձ տեղական պահանջքներու թելադրանքով, պարտաւոր ենք պահպանել մեր նախնեաց բարոյական դիմագիծն ու ազգային-կրօնական ժառանգութիւնը եւ կամրջել նոր սերունդին ներկայի պէտքերը իր ապագայի հեռանկարին հետ: Վստահելով Աստուծոյ շնորհքին եւ առաջնորդութեան, կը յուսանք որ պիտի շարունակենք մեր երթը՝ հաւատարիմ մնալով մեր կոչումին եւ առաքելութեան:
* * *
Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ Վարժարան2
(Ներկայացնող՝ Վարժարանի Տնօրէնուհի Սալբի Թիթիզեան)**
«Իրապաշտ ըլլանք, ապագան այնքան ալ յստակ չէ եւ կը կարօտի մեր բոլորին աջակցութեան»:
Հայ դպրոցը երկրորդ տունն է հայ մանուկին եւ աշակերտին: Այդ դպրոցներէն մին եղած է՝ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանը երկար տարիներու ընթացքին: Քեսապի Հայ Կաթողիկէ առաջին յիշուած դպրոցը կառուցուած է Անտոնեան հայրերու կողմէ, 1861-ին: Մեզի ծանօթ կաթողիկէ առաջին վարժարանը կը բանայ Զմմառեան շրջուն քարոզիչ՝ Վրթանէս վրդ. Եուզուքճեանը, 1864-ին: 1880-էն ետք ընդհատաբար կը գործէ մանչերու դպրոց մը: 1904-ին Կաթողիկէ եւ նորակազմ լատին համայնքները կը միացնեն դպրոցական կրթական գործը, զոր կը դնեն լատին Ֆրանչիսկեան Թերրա Սանթա Առաքելութեան իտալացի հայրերու տեսչութեան տակ: Վանահայր Սապաթինօ Տէլ Կայծօ 1905-էն սկսեալ դպրոցին հոգ կը տանի: 1909-ի աղէտէն ետք Հայր Սապաթինօ կառուցել կու տայ դպրոցական շէնք մը, որ կը գործածուի նաեւ իբրեւ վանք ու եկեղեցի: 1919-1921 կը պահէ փոքրիկ որբանոց մը, եւ 1921-ին վերստին կը բանայ իր դպրոցը: Այս շրջանին դպրոցը փայլուն յաջողութիւններ կ’արձանագրէ: 1925-ին կ’ամբողջացնէ Լատինաց վանքի նոր համալիրը, որուն մէջ աչքի կը զարնէ դպրոցի երկյարկանի նոր շէնքը: Այդ ատեն, դպրոցը եղած է հնգամեայ նախակրթարան: 1930-ին Աղջկանց բաժնի դաստիարակութիւնն ու մանկապարտէզը կը յանձնուին Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերուն:
1946-ին, Քեսապի շրջանի լատին համայնքը կը լուծուի: 1950-ին քոյրերը կը լքեն իրենց գործը: Դպրոցը ամբողջապէս կ’անցնի Քեսապի կաթողիկէ ժողովրդապետութեան: 1967-1974 դպրոցը փակ կը մնայ Սուրիոյ բոլոր կաթողիկէ վարժարաններուն պէս:
1974-ին կը վերաբացուի նոր արտօնագրով եւ նոր անունով՝ Բարեյուսոյ վարժարան: Նախակրթարան է եւ ունի մանկապարտէզ: 1997-ին կը նորոգուի եւ կը բարեզարդուի Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան նպաստով եւ կ’ունենայ նոր յարկ մը: Վարժարանս, իր տեսչական եւ ուսուցչական կազմերով, կը պահէ իրեն վստահուած կրթական-բարոյական եւ ազգային-հոգեւոր դաստիարակութիւնը: Վարժարանը տուած է մեծաթիւ շրջանաւարտներ:
2014-ին սուրիական հայրենիքին մէջ ծայր առած ցաւալի իրադարձութիւններէն ետք եւ ցարդ վարժարանը կը դիմագրաւէ բազմապիսի մարտահրաւէրներ, իսկ հայ աշակերտութեան թիւը աւելի ու աւելի կը նուազի տարբեր պատճառներով: Սակայն, որպէս սփիւռքահայ վարժարան, ան իր սեփական ուժերով եւ անխոնջ ուսուցչակազմով, որոնց մեծամասնութիւնը ընդհանրապէս հայեր են, կը փորձէ բարձր պահել իրեն վստահուած պարտականութիւնը, կերտելով ազգասէր եւ կրօնասէր հայ սերունդներ: Սակայն, իրապաշտ ըլլանք, որ ապագան այնքան ալ յստակ չէ եւ կը կարօտի մեր բոլորին աջակցութեան, թէ նիւթական եւ թէ բարոյական, որպէսզի ան նոր շունչ ստանայ, կանգուն մնայ եւ շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ որպէս հայ մարդու եւ մտքի դարբնոց:
Այս տարեշրջանին աշակերտութեան ընդհանուր թիւն է 44 (մանկապարտէզ եւ նախակրթարան): Դպրոցին մէջ կը գործեն 9 հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ՝ տարբեր մասնագիտական ճիւղերէ վկայուած: Դպրոցը ունի նաեւ տնտես մայրիկ, ժամկոչ եւ վարիչ, որոնք նոյնպէս հայեր են: Իսկ 2014-էն սկսեալ, դպրոցիս ընդհանուր վերահսկիչն է՝ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան:
* * *
Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան3
(Ներկայացնող՝ Ճեմարանի Տնօրէն Վարուժան Փանոսեան)***
«Հայեցի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը մեր ուսերուն դրուած պարտք է: Այնքան ատեն որ Քեսապի մէջ հայ կ’ապրի, այս գործը պիտի շարունակուի՝ ինչ ալ ըլլան պայմանները»:
Պատմական Հակիրճ Ակնարկ3
Դպրոցը Հիմնուած է 1924-ին Ուսումնասիրաց Միութեան (հիմնադրուած 1910-ին) ջանքերով: Միութեան կրթասէր երիտասարդները նպատակ ունեցած են ազգային բարձրագոյն նախակրթարան մը կամ երկրորդական վարժարան հիմնելով եւ յարանուանական նախակրթարանները միացնելով յարանուանական դպրոցներուն եւ կրթական գործին ազգային դիմագիծ տալ՝ Քեսապի նոր սերունդը օտարամուտ ազդեցութիւններէ հեռու պահելու համար: Վարժարանը կը հիմնուի բացառապէս քեսապցիներու բարոյական ջանքերով եւ նիւթական միջոցներով: 1928-ին վարժարանը կ’ունենայ իր սեփական շէնքը, ներկայ վայրին մէջ: 1938-ին Ուսումնասիրացի Միջնակարգն ու Միացեալ նախակրթարանը կը միանան Ուսումնասիրաց Միացեալ անուան տակ: Դպրոցը 1938-1958 կ’ըլլայ ութամեայ, 1958-1963 եօթամեայ, իսկ անկէ ետք մինչեւ 2004 վեցամեայ նախակրթարան: 2004-ին կ’ունենայ միջնակարգ եւ տարուէ տարի դասարան առ դասարան բարձրանալով կը հասնի Երկրորդականի, որմէ իր առաջին շրջանաւարտները կու տայ 2009-ին:
ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայերէնի յատուկ դասարան: Տարիներէ ի վեր Հայերէնի դասաւանդումը կը կատարուի յատուկ դասարանի մը մէջ, ուր հայերէնը կը դասաւանդուի համագործակցային փոխներգործուն դասաւանդման մեթոտով: Ունինք գրադարան, հարուստ տարրալուծարան։
Համակարգիչի սենեակ: 2014-ին, ահաբեկիչներու Քեսապ ներխուժումով կողոպտուեցան արդիական բոլոր այն սարքերը, որոնք ապահովուած են մեծ զոհողութիւններով եւ որոնցմով սկսած էինք դասաւանդումը ու կրթական այլ ձեռնարկները աշակերտներուն համար աւելի հաճելի, հետաքրքրական եւ դիւրամատչելի դարձնել: Անցնող տասը տարիներուն, դժբախտաբար չկարողացանք ունենալ նախկին արդիական գործիքները: Իսկ ներկայ տնտեսական պայմաններուն մէջ այդ մէկը գրեթէ անկարելի է: Ունէինք համակարգիչներու սենեակ, որ նուէր էր Քանատա բնակող քեսապցիներէն: 2013-ին պաքալորիայի դասարանը, իբրեւ փորձառական առաջին քայլ, Հայերէնի ամավերջի քննութիւնը կատարեց համակարգիչի վրայ: Պարագան եզակի մնաց: Աւելի՛ն, այսօր ընդամէնը ունինք միայն երկու Laptop-ներ, մէկը հաշուապահին յատկացուած է, իսկ միւսը՝ ուսուցչուհիներուն՝ հարցարաններ եւ իրենց դասաւանիւթերու վերաբերող այլ նիւթեր պատրաստելու համար:
Ճեմարանի Պատմութիւն: Ճեմարանի հիմնադիր միութեան՝ Ուսումնասիրաց Միութեան (նախապէս ընկերակցութիւն) 100-ամեակին առիթով լոյս տեսաւ «Հարիւրամեակ Քեսապի Ուսումնասիրաց Ընկերութեան եւ Նոյնանուն երկրորդական Վարժարանին», Հատոր Առաջին 1910-1940, գիրքը (Անթիլիաս, 2018), որ պատրաստուած է վարժարանի 1939-ի շրջանաւարտներէն Յակոբ Մանճիկեանի եւ իր կնոջ՝ Քնար Մանճիկեանի կողմէ:
Արեւային Ուժանիթի Համակարգ Եւ Ջեռուցում: 2022-2023-ի տարեշրջանի երկրորդ կիսուն կարելիութիւն ունեցանք արեւային վահանակներով Ճեմարանի լուսաւորումը ապահովելու: Ջեռուցման կեդրոնական համակարգը կը բանի վառելանիւթով: Ճարելը շատ դժուարացած է եւ ահագին մեծ գումարի կը կարօտի: Ասով մէկտեղ, կ’ապահովենք վառելանիւթի պէտք եղած քանակը՝ ոչ միանուագ կերպով: Դպրոցաշէնքի վեց յարկերը,- առաւել հաշուապահութեան եւ տնօրէնութեան գրասենեակները, որոնք առանձին յարկի վրայ են,- ձմրան ամիսներուն պէտք եղած չափով ջեռուցուած են:
Կրթական եւ Ուսումնական Յաջողութիւններ: Պետական քննութիւններուն մասնակցող մեր պրովէի եւ պաքալորիայի աշակերտներուն յաջողութեան տոկոսը բարձր է: Նախավերջին երկու տարիներուն ապահովեցինք պաքալորիայի 100 առ 100 յաջողութիւն: Արդէն ունինք դեղագործ, ատամնաբուժ, երկրաչափ տնտեսագէտ եւ այլ ճիւղերէ վկայուած շրջանաւարտներ:
Ունինք շրջանաւարտներ, որոնք ցրուած են աշխարհով մէկ՝ Քանատա, Եւրոպա, Հայաստան եւ այլ երկիրներ: Ունինք մագիստրոսի աստիճանին տիրացուներ, շուտով կ’ունենանք նաեւ դոկտորականի արժանացած շրջանաւարտ մը: Յատուկ երախտագիտութիւն կը յայտնենք Հայկազեան Համալսարանի (Լիբանան) տնօրէնութեան, որ անցնող տասը տարիներուն հոգաց շուրջ մէկ տասնեակ մեր աշակերտներուն կրթաթոշակները եւ ձրի կեցութեան տեղ տրամադրեց անոնց Համալսարանի Գիշերօթիկէն ներս: Ասկէ դուրս մեր շրջանաւարտները ուր ալ երթան, իրենք զիրենք կ’արժեցնեն ազգային կեանքին իրենց մասնակցութեամբ:
Տագնապի տարիներուն Եագուպիէցի ընտանիքներ Քեսապ հաստատուեցան, երբ ահաբեկիչները գրաւեցին իրենց գիւղը եւ զիրենք տեղահանեցին: Ունեցանք 10-12 աշակերտներ, որոնց ընդունեցինք գրկաբաց եւ սրտաբաց՝ հոգալով անոնց կրթաթոշակները: Այս վերջին քանի մը տարիներուն անոնցմէ կը գանձուի խորհրդանշական կրթաթոշակ: Ուրախ ենք, որ այդ աշակերտներէն մէկը եկող տարի պիտի աւարտէ բժշկութեան ճիւղը եւ պիտի հանդիսանայ առաջին բժիշկը, որ մեր Ճեմարանէն շրջանաւարտ պիտի ըլլայ:
Անդրադառնալով ուսուցչուհիներու յաջողութեանց՝ վերջին երկու տարիներու ընթացքին երեք անգամ ընկերային գիտութիւն դասաւանդող մեր ուսուցչուհին (քեսապցի) անձնական հրաւէր ստանալով ելոյթ ունեցաւ Սուրիոյ պատկերասփիւռի կայաններէն («Սամա»՝ երկու անգամ, այս վերջերս ալ «Ֆատաիէ Թարպաուիէ Սուրիէ»-ն) մանկավարժական նիւթերով՝ ըստ առիթի Ճեմարանի քարոզչութիւնը կատարելով:
Կրթական Տնօրէնութիւն: Կրթական Տնօրէնութեան կողմէ եկող բոլոր այցելու քննիչները բարձրօրէն կը գնահատեն եւ խիստ գովելի կ’որակեն մեր տարած աշխատանքը, թէ՛ ուսումնական մակարդակի վերաբերեալ, եւ թէ իրենց հետ գործակցութեան մեր եղանակին, ցուցաբերած կանոնաւոր եւ հետեւողական բծախնդրութեան համար: Անոնք ամէն անգամ գոհ եւ ուրախ կը մեկնին Ճեմարանէն. զայն կը դասեն Լաթաքիոյ նահանգի լաւագոյն դպրոցներուն շարքին: Երբ մեր կարգին կ’այցելենք Կրթական Տնօրէնութիւն՝ հոն եւս նո՛յնը կը լսենք Ճեմարանի մասին: Այս մէկը պատիւ է մեզի համար: Ի դէպ, բնաւ չենք թերանար, պատշաճ ձեւով եւ ճշդուած ժամանակացոյցին մէջ կը կատարենք իրենց կողմէ մեզի յղուած բոլոր հրահանգները:
Հայերէնաւանդ Ուսուցչուհիներ: Ճեմարանը Հայերէն դասաւանդող ուսուցչուհիներու տագնապ չէ ունեցած, մինչեւ անցեալ տարեշրջանին, երբ Զ.-Թ. կարգերու ուսուցչուհին անձնական շատ յարգելի պատճառով ստիպուած եղաւ հրաժարական տալու: Բարեբախտաբար, Քեսապի Ս. Աստուածածինի եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Հայր Անդրանիկի Վրդ. Քիւրիւմեան ստանձնեց այդ պատասխանատուութիւնը, որ բարեխղճօրէն եւ հմտօրէն կատարեց, հակառակ իր բազմազբաղուածութեան եւ յաճախակի ճամբորդութիւններուն: Հոգշ. Հայրը Քեսապի մէջ իր ծառայութեան ժամանակաշրջանը աւարտելով՝ Նոր Տարիէն ետք պիտի մեկնի շրջանէն, այնպէս որ Միջնակարգի դասարաններուն համար կը նախատեսենք յարմարագոյն լուծումը գտնել:  Միջնակարգի հայերէնի դասաւանդումը կը ծրագրենք վստահիլ Ճեմարանի հայերէնաւանդ մեր ուսուցչուհիներուն: Անշուշտ բարեբախտութիւն պիտի ըլլայ մեզի համար, եթէ նոր ժամանող Հայր Սուրբը ստանձնէ նոյն աշխատանքը, եթէ անշուշտ իր ժամանակը արտօնէ: Այս պարագան շուտով կը յստականայ:
Ի դէպ, ուրախութեամբ կ’ուզենք նշել, որ հայերէնաւանդ մեր երկու ուսուցչուհիները երկրորդ տարին ըլլալով կը հետեւին Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հաստատութեան դասընթացքներուն, իսկ եկող տարի անոնց կը միանայ հայերէնաւանդ մէկ (առայժմ) ուսուցչուհի եւս՝ իբրեւ երրորդ տարուան ուսանողուհի,  որ Հայագիտականի առաջին երկու տարիներու դասանիւթերուն նախապէս հետեւած է Քեսապի մէջ:
Լիայոյս ենք, որ գալիք տարիներուն հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներու կարիք չենք ունենար:
Շրջանաւարտներ: Ճեմարանը այս տարի իր նոր շրջանի տասնվեցերորդ շրջանաւարտ սերունդը պիտի տայ: Ուրախալի է, որ նախկին մեր շրջանաւարտ համալսարանական ուսանողուհիները կը նուիրուին ուսուցչական ասպարէզին, որ, այնքան ալ գրաւիչ ասպարէզ մը չէ ներկայ տնտեսական կացութեան մէջ: Ներկայիս ունինք այդպիսի վեց ուսուցչուհիներ: Առաւել երկու հոգի Հայ Աւետարանական Նահատակաց Միացեալ եւ մէկ՝ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վարժարանէն ներս կը դասաւանդեն:
Պարծանք է մեզի համար, որ պաքալորիա դասարանի քիմիագիտութեան ու բնագիտութեան ուսուցչուհին մեր նախկին աշակերտուհին է:
100 Ամեակ: 2024-ին, Աստուծոյ կամքով, պիտի յիշատակենք Ճեմարանի հիմնադրութեան 100-ամեակը: Այս ուղղութեամբ սկսած են նախապատրաստական աշխատանքներ տանիլ: Առիթը մեծաշուք ձեւով պիտի տօնենք:
ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 
Պիւտճէ: Դժուարութիւններէն առաջինը տարեկան պիւտճէն գոյացնելն է: Հոգաբարձութիւնը շատ ջանք կը թափէ, որ ծնողներուն բեռը թեթեւցնէ, որովհետեւ անոնք ալ կը տուայտին սղաճի հետեւանքներէն: Եւ եթէ չըլլան ԱՄԷ, Ամերիկա, Քանատա, Աւստրալիա բնակութիւն հաստատած քեսապցի մեր հայրենակիցներուն օժանդակութիւնները, մենք շատ դժուարաւ, թերեւս ալ բնաւ չկարենանք կանգուն պահել Ճեմարանը:
Հայախօսութեան պարագան: Արաբախօս աշակերտներուն ներկայութիւնը մեր աշակերտներուն համար օգտակար է, այն իմաստով որ անոնց հետ արաբերէն խօսելով կը տիրապետեն արաբերէն խօսակցական լեզուին: Բայց կան դասարաններ մէկ երկու հայախօս աշակերտներով: Դասարանէն դուրս երբ կը խաղան անոնց հետ՝ ստիպուած կ’ըլլան հայերէնի փոխարէն արաբերէն գործածելու:
Մենք նահանջողը չենք հայերէն սորվեցնելու մեր նպատակէն: Մեր ուսուցչուհիները, եւ ոչ միայն հայերէն դասաւանդողները, ջանասիրաբար կ’աշխատին, եւ այլընտրանքային բազմաթիւ ձեւերով, դպրոցական ձեռնարկներով զարկ կու տան հայերէնախօսութեան:
Այլ հարցերն են՝ բարձրագոյն դասարաններուն համար որակեալ ուսուցիչներ ապահովելը, Լաթաքիայէն Քեսապ երկու ուղղութեամբ անոնց երթեւեկի ծախսը հոգալը, Քեսապի շրջաններու գիւղերէն աշակերտները տունէն դպրոց տեղափոխելը: Անհրաժեշտ պէտք ունինք երրորդ փոխադրակառքի, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ աշակերտները շրջաններէն դպրոց տեղափոխելը:
Վերանորոգում: Ամէն տարի ահագին գումար կը յատկացնենք վերանորոգման: Ամէն տարեշրջանի աւարտին կամ սկիզբը  պէտք եղած վերանորոգման աշխատանքները կը կատարենք: Վերջին տարիներուն այդ աշխատանքները առաջ կը տարուին հանգրուանային կերպով: Այս տարի, օրինակ, կրցանք ներկել Մանկապարտէզն ու Նախակրթարանի միայն երեք դասարանները, վերանորոգեցինք տանիքը, վերամրացնել տուինք երկրաշարժին հետեւանքով խախտած եւ փլած քարերը, ճեղքուած պատերը: Անցեալ տարի, Կաղանդի գիշեր երբ դպրոցին մօտակայքը հրթիռ մը ինկաւ՝ մեր օթոքարներն ու դարպասը վնասուեցան, անոնք եւս վերանորոգեցինք:
Գլխաւոր Մտահոգութիւնը: Գալիք տարիներուն բողբոջ դասարանի աշակերտներուն թիւը չափազանց քիչ պիտի ըլլայ: Նոր ընտանիքներ գրեթէ չեն կազմուիր: Երիտասարդ- երիտասարդուհիներ, նորակազմ ընտանիքներ կը գաղթեն օտար երկիրներ: Այս երեւոյթին լուծում գտնելը մեր ձեռքը չէ, կապ չունի կրթական կեանքին հետ, բայց ամէնէն շատ տուժողը մեր վարժարանները պիտի ըլլան:
Որպէս վերջաբան: Պիտի ջանանք կանգուն պահել Քեսապի Ճեմարանը՝ կարելի բոլոր միջոցներով: Կ’ընդունինք, որ մարտահրաւէրները բազմապիսի են, բայց իբրեւ հոգաբարձութիւն ու տնօրէնութիւն, Ազգային առաջնորդարանի եւ անոր պատկան կրթական մարմիններուն հետ մենք կը յաղթահարենք դժուարութիւնները, որպէսզի որքան կարելի ըլլայ նուազին թերութիւնները եւ բազմանան՝ առաւելութիւնները:
Պիտի մնանք կանգուն, որովհետեւ կրթական մարզին մէջ հայեցի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը մեր ուսերուն դրուած պարտքն է: Այնքան ատեն որ Քեսապի մէջ հայը կ’ապրի, այս գործը պիտի շարունակուի՝ ինչ ալ ըլլան պարագաները:
* * *
ՓՈԽԱՆ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԵԱՆ
Վարժարաններու մասին պատմական տուեալները ցոյց կու տան վարժարաններու մէկուկէս դարու կտրած-անցած ճամբան: Պատմական տուեալները ուսանելի կրնան ըլլալ անկասկած, սակայն ներկայի հետ համեմատութիւնը ճիշդ տեղ չ’առաջնորդեր: Ներկայ հարցերուն լուծում չի բերեր: Ժամանակները կը փոխուին, կը փոխուին նաեւ պայմաններն ու մարտահրաւէրները: Իրատեսական մօտեցումը կը թելադրէ՝ ներկայ հանգրուանը վերլուծել ներկայ ժամանակին մէջ՝ մէկդի դնելով յոռետեսական ամէն մտածում, թէ հայկական այս փոքրիկ աւանին մէջ հայեցի կրթութիւնը խամրող փուլ թեւակոխած է: Նոյնքան սխալ է ամէն ինչ լաւատեսական ակնոցով դիտելը: Քեսապի հայկական վարժարաններու տնօրէններուն լաւատեսութիւնը ապագայի նկատմամբ, ամէն պարագայի քաջալերելի եւ գօտեպնդիչ են՝ միայն այն մօտեցումով, որ անոնք կ’ընդունին որ վարժարանները ունին որոշ դժուարութիւններ եւ ամէնէն մեծ մարտահրաւէրը, որ կը դիմագրաւեն անոնց հայեցի դիմագիծը պահելն է:
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1.- Պատմական տուեալները քաղուած են՝ Վեր. Տիգրան Խրլոբեան, «Ոսկեմատեան» (Ա. եւ Բ. հատոր), Պէյրութ, 1950. Վեր. Եղիա Քասունի, «Լուսաշաւիղ», Պէյրութ, 1947. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ» Ա. հատոր, Հալէպ, 1995։
                  Անի Պոյմուշաքեան
* Անի Թրթռեան- Պոյմուշաքեան ծնած է Պէյրութ: Նախնական ուսումը ստացած է Քեսապի Հայ Աւետարանական Նահատակաց Միացեալ Վարժարանէն, ապա յաճախած է Քեսապի պետական Դպրոցը՝ մինչեւ պաքալորիա:
Համալսարանական ուսում ստացած է Լիբանանի Հայկազեան Համալսարանէն եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն՝ արժանանալով պսակաւոր արուեստից վկայականին՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան ճիւղին մէջ: Քսաներեք տարիներէ ի վեր կը պաշտօնավարէ Քեսապի Հայ Աւետարանական Նահատակաց Միացեալ Վարժարանէն ներս, իբրեւ ուսուցչուհի, ապա՝ որպէս տնօրէնուհի:
 

** Սալբի Ճորճ Թիթիզեան ծնած է Քեսապ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քեսապի Հայ Աւետարանական

                      Սալբի Թիթիզեան

Նահատակաց Միացեալ վարժարանէն, ապա յաճախած է Քեսապի պետական Միջնակարգ եւ Երկրորդական վարժարան եւ վկայուած՝ գիտական պաքալորիայով: Համալսարանական ուսումը ստացած է Լաթաքիոյ «Թշրին» համալսարանի Գրական գոլէճի բաժանմունքէն, որմէ ետք ստացած է կրթական համապատասխան տիպլոմ՝ կրթական գոլէճէն: Երկար տարիներ դասաւանդած է միջնակարգի եւ երկրորդական վարժարաններէ  ներս, թէ՛ Քեսապի եւ թէ Լաթաքիոյ մէջ: Ան թարգմանութեամբ կը զբաղի (արաբերէնէ-անգլերէն): 2009-էն մինչեւ օրս, ան կը վարէ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը՝ միեւնոյն ատեն դասաւանդելով հայերէն եւ անգլերէն:

*** Վարուժան Փանոսեան ծնած է Քեսապ: Նախակրթութիւնը ստացած է Ազգ. Ուսումնասիրաց վարժարանէն

Ճեմարանի Տնօրէն՝ Վարուժան                                  Փանոսեան

(ներկայիս՝ Ճեմարան) ներս, իսկ միջնակարգը եւ երկրորդականը՝ Քեսապի պետական վարժարանէն:

Աւարտած է Լաթաքիոյ «Թշրին» համալսարանը՝ Անգլերէն գրականութեան մասնագիտութեան բաժինը: Զինուորական պարտադիր ծառայութենէն ետք, 1999-ին, ընտրած է ուսուցչական ասպարէզը՝ դասաւանդելով անգլերէն լեզու Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի բարձրագոյն դասարաններուն մէջ, մինչեւ 2021:
2006-էն ի վեր համանուն Ճեմարանի տնօրէնն է:
2.- Պատմական տուեալները քաղուած են՝ Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Ա. հատոր, Հալէպ, 1995։
3.- Պատմական տուեալները քաղուած են՝ «Հարիւրամեակ Քեսապի Ուսումնասիրաց Ընկերութեան եւ Նոյնանուն երկրորդական Վարժարանին», Հատոր Առաջին 1910-1940, պատրաստեցին՝ Յակոբ Մանճիկեան-Քնար Մանճիկեան, Անթիլիաս, 2018: Նաեւ՝ Յ. Չոլաքեան, «Քեսապ», Ա. հատոր:
Թղթածրարը պատրաստելու աշխատանքը տարին Քեսապի մէջ «Գանձասար» շաբաթաթերթի թղթակիցներ՝ 
Դալար Թութիկեան-Գերպապեան
Մարինա Բէնդէզեան-Լնդեան
Հսկողութեամբ՝ դոկտ. Շողիկ Աշըգեանի