Պարտէզներու տունէն ետք – ուր ծներ եմ, բայց բնաւ չեմ յիշեր – կ’ապրէինք Հորին թաղը (Հարթըլ Ճըպ), ուր հազիւ երկու շէնքեր կային՝ մերը եւ կողքինը: Մնացեալը տուներ էին, գետնայարկով եւ բախտաւոր պարագային՝ առաջին յարկով մը: Մեզի հետ այլ հայ ընտանիքներ եւս կ’ապրէին Հորի թաղին մէջ:
Թաղը բանուկ էր ոչ թէ ինքնաշարժներով, որոնց թիւը այնքա՜ն փոքր էր այդ հեռու օրերուն, այլ եռուզեռով. ցերեկները շատ կանուխէն, իրենց ապրանքը գովել-գովաբանելով կը հասնէին իշապանները, եւ ամէն մէկը իր սովորական տեղը կը կառանէր: Թաղը կը լեցուէր զիլ ձայներով գնում ընող կիներուն, որոնք անպայմա՛ն սակարկութիւն պիտի ընէին, պտուղ կամ բանջարեղէն գնելէ առաջ:
_ Ում Սահակ, ամէ՛ն օր նոյն պատմութիւնը կ’ընես, դեռ չսորվեցա՞ր որ գոնէ քեզի իսկական գինը կ’ըսեմ, ե՛ս ալ չեմ յոգնիր, դո՛ւն ալ… առնո՞ղ ես, կշռեմ, թէ ոչ՝ այսօր ֆասուլիա մի՛ եփեր, դդում ըրէ, դդումը աւելի աժան է …
Կէսօր չեղած թաղը կը պարպուէր, իշապանները պարապ խուրջիններով կը հեռանային, կիները կը շտապէին կէսօրուան ճաշը հասցնել դպրոցէն եկող սոված զաւակներուն եւ գործէն ճաշի դադար առած ամուսնին համար:
Թաղը ամբողջ տարին չտեսած խճողումը Աւագ Ուրբաթ օրը կը տեսնէր, երբ կողքի թաղերէն շատ մեծ թիւով տղաք կը հաւաքուէին հաւկթախաղի մրցումներուն մասնակցելու համար: Նպարավաճառի մեծ խանութին տէրը հարիւրաւոր հաւկիթներ խաշած-ներկած կ’ըլլար եւ զանոնք կը ծախէր այդ տղոց, յետոյ, մրցումները լրանալէն ետք, անոնցմէ ետ կը գնէր կոտրած հաւկիթներ կէս թէ քառորդ գինով եւ … կը ծախէր տանտիկիններուն, որոնք այդ օրուան ընթրիքը սկիզբէն իսկ որոշած կ’ըլլային՝ թիրիթ (Պոլսոյ բարբառ), հաւկիթով աղցան …
Նախակրթարանի իմ օրերուն դպրոցէն տուն կու գայինք ժամը 12։00-ին, արագ-արագ կը ճաշէինք, որովհետեւ ճիշդ ժամը 1:30-ին դասերը կը վերսկսէին, իսկ մենք տուն գալու համար շա՜տ ժամանակ վատներ էինք. ճամբուն վրայ հազար հետաքրքրական բան կար դիտելիք, փորձելիք, փոքրիկ կառքին վրայ խելօք շարուած եւ մեր խելքը գլուխէն տանող գունաւոր շաքարները, մանուշակ շաքարները, կարմիր ձուկ շաքարները… միշտ ալ մեզմէ մէկուն քով երկու ֆրանքնոց մը կ’ըլլար. կը գնէր փոքրիկ տոպրակ մը շաքար, եւ հազար կռիւ-փաթըրթիով կը բաժնուէինք, ամէն մէկս մէկական առնելով, իսկ տոպրակին տիրոջը «ազնուաբար» երկու հատ ձգելով…
Ժամը չորսին, երբ կրկին նոյն ճամբան կը բռնէինք Կիւլպէնկեան դպրոցէն տուն դառնալու համար, ճամբուն վրայ, Սիւլէմանիէի պէնզինի կայանին կողքի փոքրիկ պարտէզ-սրճարանը կը մտնէինք պահ մը, Վիգէնը, Մանուէլը եւ ես (արդեօք ո՞ւր է Մանուէլը եւ ի՞նչ կ’ընէ: Վիգէնը գիտե՛մ ուր է): Այդ ժամուն յաճախորդ չըլլալուն, սպասեակը բան չէր ըսեր, նոյնիսկ աթոռին վրայէն չէր ելլեր, ուր նստած կը մրափէր. արդէն սորվեր էր մեր ձայները, գիտէր որ մենք ենք, եւ քիչ մը վազվզելէ ետք փոքրիկ աւազանին շուրջ, պիտի ելլենք երկաթեայ դարպասէն դուրս եւ շարունակենք մեր ճամբան:
Աշնան իրիկուններուն սքանչելի էր ծիծեռնակներուն երամը, որ կարծես կը խաղար կապտա-նարնջագոյն երկնքին վրայ, մանուկներու խումբի մը պէս աղմկելով: Շատ կը սիրէի դիտել իրենց թռիչքը, մկրատաձեւ պոչերը. կը դիտէի եւ գեղեցիկ զգացում մը կը ներխուժէր ներսս, քաղցր ու տաք, մինչեւ Մանուէլը յիշեցնէր.
_ Հատէ՛, կ’ուշանանք կոր, մամադ կը բարկանայ …
Նման իրիկուն մըն էր, Երկուշաբթի յետմիջօրէ մը, որ սովորականէն աւելի կանուխ արձակուեր էինք, որովհետեւ «Վեհափառը վախճանեցաւ» ըսուեր էր: Բայց մենք ո՛չ Վեհափառին ով ըլլալը գիտէինք, ոչ ալ վախճա … ի՞նչ, բառին ծանօթ չէինք, շատ դժուար բառ էր եւ … կարեւոր ալ չէր: Կարեւորը՝ մեր կանուխ արձակուիլն էր:
Նոյն գոռում-գոչումով – թերեւս ալ քիչ մը աւելի, որովհետեւ ուրախ էինք կանուխ արձակուած ըլլալնուս եւ կրնայինք մեր փոքրիկ պարտէզին մէջ աւելի երկար խաղալ – դպրոցէն ելանք եւ …
_ Մեղք ունի, եաւրուս, մեղք ունի, մի՛ պոռաք, Վեհափառը վախճաներ է,- ըսաւ նստած կիներէն մէկը: Տան դրան առջեւ նստած միւս կիներն ալ իրեն պէս տխուր էին, նոյնիսկ՝ թաց աչքերով:
Այդ անծանօթ կիներուն տխրութիւնը այնքա՜ն խորունկ էր եւ փոխանցիկ, որ չկրցանք վայելել կանուխ արձակուելուն քանի մը ժամերը: Անշուշտ պիտի տխրէին այդ կիները, ամբողջ Հալէպի գաղութը պիտի տխրէր, որովհետեւ նախքան Կիլիկիոյ կաթողիկոսական գահին բազմիլը, Զարեհ Սրբազան եղած էր Առաջնորդը Բերիոյ Հայոց Թեմին:
Տարիներ ետք գիտցայ, որ այս օրերուն պէս օր մըն էր՝ 18 Փետրուարին (1963), Կիլիկիոյ Վեհափառ Զարեհ Ա. Երջանկայիշատակ Կաթողիկոսին վախճանումը: Բաւական ետքն էր նաեւ, որ մօրս լուսանկարներուն մէջէն գտայ խմբանկարը Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Տիկնանց Յանձնախումբին. կեդրոնը նստեր էր Վեհափառ Հայրապետը, որուն լուսաւոր միտքին եւ ազգասէր հոգիին իրականացած երազն է մեր Ճեմարանը, եւ ճիշդ իր ետին մայրս կանգներ է: Ինչպիսի՜ հպարտութիւն էր ինծի համար տեսնել այդ խմբանկարը եւ գուրգուրանքով պահել …
Ձմրան իրիկուններուն դժուար կը բաժնուէի ընկերներէս, որոնք պիտի երթային իրենց քոյր-եղբայրներուն աղմուկով տաքցած տունի մը ուրախութեան, մինչ մեր տունը մի՛շտ հանդարտ էր, մի՛շտ կարգ-կանոնով, ամէն բան դասաւորուած:
Բայց կար վառարանին կողքին, դասագիրքը գրկած երազելու պահը, քնանալէն անմիջապէս առաջ:
Մեծ, քառակուսի վառարան մըն էր՝ Արամգօ, Արամ Կէօվճեանին գործարանին արտադրութիւնը. յետոյ անոր աղջիկը՝ Արաքօն (Արաքսի), ինծի դասընկերուհի պիտի ըլլար, եւ որուն կարմիր, ըմբոստ կարմիր մազերն ու մի՛շտ ժպտուն դէմքը շա՜տ կը սիրէի. հապա  բարձր քրքիջը, որ ամէնէն վատ պահերուն իսկ  գրաւորի մը ցած նիշ առնել կամ անկարգութեան համար ծնողքը դպրոց կանչուիլ- այնպէս կը տարածուէր դասարանին մէջ, որ բոլորս ալ կը հաւատայինք թէ եղածը «պարապ բան է, վաղը մամադ դպրոց կու գայ, օրիորդ էլմաստը քիչ մը կը գանգատի, կը վերջանայ-կ’երթայ, ինչ այդքան վախցեր ես, պարապ բան է եղածը…»:
Ամէնէն հաճելին սակայն անկողնիս մէջ քնանալն էր, որովհետեւ անկողնիս վերեւի պատուհանէն երկնքի մե՜ծ կտոր մը կ’երեւէր, ուր աստղերը ինծի կը սպասէին կարծես, կը սպասէին որ օրուան եւ տխրութիւններուս մասին պատմեմ իրենց, ու յետոյ իրենք ինծի հեքիաթներ կը պատմէին, Հայկանոյշ նէնէիս փոխարէն, որ նոր մեռեր էր:
Երբ այս տունէն այլ տուն մը փոխադրուեցանք, երկա՜ր ատեն չէի կըրնար հանգիստ քնանալ, որովհետեւ նոր տան ննջարանս չունէր երկնքին վրայ բացուող պատուհան մը, ուրկէ կարենայի աստղերուն հետ զրուցել:
Հորի թաղի մեր տունէն շատ բան մոռցեր եմ. բայց անկողնիս վրայի այդ պատուհանը, իր բոլոր
մանրամասնութիւններով, գոյնով եւ չափով, եւ անկէ ծնած քաղցրագոյն ապրումներով կը յիշեմ տակաւին:
Մարուշ Երամեան