Չորեքշաբթի, 13 Մարտ 2024-ի երեկոյեան Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հանգստեան եւ Խաղաղական զոյգ ժամերգութիւնները, որոնց կը նախագահէր Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։

Հայր սուրբին կ՚ընկերակցէին Արժ. Տէր Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան ատենապետ Վարդան Մուրատեան եւ Յարութ Աբրահամեան։

Այս հոգեպարար արարողութեանց մասնակից դարձան Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները, որոնք Շնորհալի Հայրապետին «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքը ընթերցեցին։

Օրուան քարոզիչն էր Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը, որ իր քարոզի աւարտին հաւատացեալ ժողովուրդին յայտարարեց, թէ իրենց բաժնուած բացիկները, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն ձեռքը տեսնուած «Հաւատով Խոստովանիմ» գրքոյկները տպուած են հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի:

Ան բարձր գնահատեց Կիրակնօրեայի աշակերտները իրենց լաւապէս պատրաստուած ըլլալուն համար, ինչպէս նաեւ գնահատեց Կիրակնօրեայի ուսուցիչները։

Ժամերգութիւնը իր աւարտին հասաւ փառաբանական աղօթքով։

Աւարտին, Տէրիքի ՍՕ Խաչի «Սարտարապատ» Մասնաճիւղի տիկինները Միջինքի կոկիկ Սիրոյ սեղան պատրաստեցին, իսկ հայր սուրբը կրօնական, միութենական եւ ուսուցչական բոլոր կազմերուն հետ մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ։

Ընթրիքի ընթացքին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը խօսք առնելով գնահատեց Տէրիքի Թաղականութիւնը իր կազմակերպած եւ աջակցութիւն տրամադրած բոլոր աշխատանքներուն համար։

Յայտնենք որ Կիրակնօրեայի աշակերտները անակնկալ կերպով յիշատակեցին Ճեզիրի Կիրակնօրեայ դպրոցներու Տեսուչ Արժ. Տէր Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի տարեդարձը։

Վանա Կիրակոսեան