Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան «Զուարթնոց» Երգչ. Միաւորի Վարչութեան, Կիրակի, 10 Մարտին «Զուարթնոց»-ը բեմ բարձրացաւ ընտրեալ երգերով, ճոխ յայտագիրով ու երաժշտական գանձարանի արժէքներով ջերմացուց հալէպահայ հանդիսատեսին սիրտն ու հոգին, վաստակաւոր խմբավար մայսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի խմբավարութեամբ եւ նոյնքան վաստակ ու ծառայութիւն ունեցող դաշնակահար Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ։
Համերգը, որ տեղի ունեցաւ «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ, կը վայելէր ներկայութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Տէր Կոմիտաս Ա. Քահանայ Տատաղլեանի, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեանի, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեանի, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան 14-րդ խումբի հրամանատար Դաւիթ Յարութիւնեանի, Պատկան Մարմինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեանց, Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչներու, հայր սուրբերու, Ազգ. Վարչութեան, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ երաժշտասէր հանդիսականներու։
Հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերով Սարգիս Սարգիսեան ըսաւ, որ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը եղած է այն օջախը, ուր վառ պահուած է հայ երաժշտութեան բոցը։ Այսօր, հակառակ երկրի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, «Զուարթնոց» երգչախումբը կը ջանայ խտացնել իր շարքերը՝ այն խոր համոզումով որ հանդիսատեսը իր առօրեայ մտահոգութիւնները մէկդի դրած սրտի զեղումով պիտի ըմբոշխնէ մեկնաբանուած դասական ու ժողովրդային երգերը։ Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց խմբավարին, դաշնակահարին եւ երգչախումբի անխոնջ երգողներուն, որոնք, կենցաղային ծանր պայմաններու մէջ ապրելով մէկտեղ, փորձերու մշտական ներկայութեամբ յաջողեցան բեմ բարձրանալ։
Ապա խումբը քառաձայն երգեցողութեամբ ներկայացուց դասական եւ ժողովրդային հայկական եւ օտար երգերէ բաղկացած երկբաժին յայտագիր մը։
Առաջին բաժինով ներկայացուեցան հետեւեալ երգերը՝ «Օրհներգ», Վահէ Շարաֆեան, «Ով Հայոց Աշխարհ», Մակար Եկմալեան, «Խմբերգային Շարք», Գրիգոր Սիւնի, «Երեւան Էրեբունի», Էտկար Յովհաննէսեան, «Հինկալլա», մշակում՝ Թաթուլ Ալթունեան, «Խմբերգային Շարք», Կոմիտաս, «Կռունկ, Բարով Դառնաս», Ալեքսէյ Հեքիմեան։
Յայտագրի երկրորդ բաժինով հանդիսատեսը վայելեց հետեւեալ երգերու խմբերգային կատարումը՝ «Հալէպեան Ֆոլքլորային Երգերու Շարք», «Մեր Սիրելի Երեւան» եւ « Առաջին Սիրոյ Երգ», Առնօ Պապաջանեան, Walzer No.2, Shostakovich,  Historia De Un Amor, Carlos Almaran, «Խմբերգային Շարք», Թաթուլ Ալթունեան, «Գարուն Երեւան», Արամ Խաչատուրեան եւ վերջապէս «Հայաստան», Արմէն Սմբատեան։
Վերջընթեր երգին խումբին միացան Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբի պարողներ։
Կարգ մը երգերու երգչախմբային մշակումը կատարած էր մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեանը։
Շահեկան էր օրուան հանդիսավարին եւ Խմբավարին կողմէ երգերու շարժառիթին կամ պատմութեան անդրադարձը, որ յաւելեալ հետաքրքրութիւն ստեղծեց հանդիսատեսին մօտ եւ իրազեկ դարձուց զինք։ Հետաքրքրական էր օրինակ իմանալ, որ Տիմիթրի Շոսթաքովիչի Walzer No.2 վալսը գրուած է Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն եւ հեղինակն իսկ երեւան չէ հանած իր այդ աշխատանքը, ապա պատերազմի պայմաններուն տակ աշխատանքը կորսուած է, հետագային յայտնուած է ԱՄՆ-ի մէջ եւ այնտեղ ալ երեւան եկած, որ Շոսթաքովիչ նման ստեղծագործութիւն մը ժառանգ թողած է երաժշտասէր հանրութեան։ Ստեղծագործութիւնը մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ մինչեւ մեր օրերը։
Գնահատանքի արժանի էր երգչախումբի անդամներուն նուիրական աշխատանքը, յատկապէս խմբավարին ամուսնոյն, վաստակաւոր «Զուարթնոց»-ական Վարդգէս Տէրեանի խումբին մաս կազմելն ու բեմ բարձրանալը, հակառակ իր առողջապահական անկայուն վիճակին։ Համերգին հրաւիրուած էր նաեւ Վարդգէսը բուժող բժիշկը, «Քալիմէ» հիւանդանոցի տնօրէն տոքթ. Ուսամա Ատիպը, որուն ներկայութեան համար յատկապէս շնորհակալութիւն  յայտնեց մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանը։
Օրուան եզրափակիչ խօսքը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, որ շնորհաւորեց խմբավարը, դաշնակահարն ու երգչախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ միաւորի վարչութիւնը՝ այս հոգեպարար համերգին առիթով:
Մակար սրբազան յայտնեց, որ երկրի ծանր այս օրերուն «Զուարթնոց»-ականները լուսաւորեցին մեր կեանքը երաժշտական գոհարներով եւ լիցքաւորեցին մեր ներաշխարհը հայ եւ օտար դասական ու ժողովրդական երգերով, որոնք բարձր գնահատանքի արժանի են։
Սրբազան հայրը գնահատելով մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանն ու անոր ամուսինը, որ առողջապահական հարց ունենալով մէկտեղ մասնակցեցաւ ելոյթին, շնորհակալութիւն  յայտնեց նաեւ  «Քալիմէ» հիւանդանոցի տնօրէն տոքթ. Ուսամա Ատիպին՝ իր հոգատար վերաբերմունքին եւ ներկայութեան համար։
Թղթակից